Ֆրենժիէ. «Լիբանանի Մէջ Հիմնական Հարցը Փոխադարձ Վստահութեան Չգոյութիւնն Է»

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ մաղթեց, որ Թրիփոլիի զինեալ բախումները ըլլան վերջին բախումները` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուած է կառավարութեան տուած որոշումին շնորհիւ, «հետեւաբար մնայուն կերպով պէտք է ապահովել լիբանանեան բանակին գործունէութեան քաղաքական հովանաւորութիւնը», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած հիմնական հարցերէն մէկը վստահութեան չգոյութիւնն է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել փոխադարձ վստահութիւնը:

Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Դիմադրութեան դէմ դաւադրութիւններ գործած են. ան դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ ընդդիմութեան զօրակցութիւնը համայնքային եւ յարանուանական զօրակցութիւն է, որպէսզի Սուրիոյ բանակը դարձեալ մուտք գործէ Լիբանան եւ ապազինէ Դիմադրութիւնը:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան եւ իշխանափոխութեան հաւանականութեան` Ֆրենժիէ ըսաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր բարեկամն է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ, «սակայն եթէ աշխարհիկ վարչակարգ մը հաստատուի, ապա անոր հետ պիտի գործակցիմ», ընդգծեց Ֆրենժիէ:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր յարաբերութիւնները հեզասահ կ՛ընթանան, մինչդեռ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ իր յարաբերութիւնները խզուած են:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES