«Ժալ Էլ Տիպի Կամուրջին Շինութիւնը Անհրաժեշտութիւն Է» Շեշտեց Զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:
Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ Ժալ էլ Տիպի կամուրջին շինութիւնը անհրաժեշտութիւն է:
Համախմբումը իր նիստին ընթացքին քննարկեց երկրին ընկերային, բարգաւաճման եւ կենցաղային հարցերը` հեռու մնալով քաղաքական թղթածրարներէն:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը այդ կալուածին տիրանալու իրաւունք ունի` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրը պէտք էր շատոնց աւարտած ըլլար:
CATEGORIES Լիբանանեան


