Շարպել. «Միքաթիի Հետ Պիտի Քննարկեմ Սպանութեան Թիրախ Նկատուող Մարտ 14-Ի Անձնաւորութիւններուն Թղթածրարը»

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ այսօր ինք վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն հետ պիտի քննարկէ սպանութեան թիրախ նկատուող Մարտ 14-ի քաղաքական անձնաւորութիւններուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկէ Թրիփոլիի եւ Սայտայի մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը:

Շարպել ընդգծեց, որ ինք երեսփոխան Ամմար Հուրիէն ոչ մէկ անուանացանկ ստացած է սպանութեան սպառնալիք ստացած անձնաւորութիւններու մասին` հաստատելով, որ իր մօտ պարզապէս կը գտնուին այնպիսի անուանացանկեր, որոնք տրամադրուած են ապահովական կառոյցներուն եւ կարգ մը երեսփոխաններու կողմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES