2015-ի Եւրոպայի Ողիմպիականի Խաղերուն Պաքու Պիտի Երաշխաւորէ Հայաստանի Հաւաքականին Անվտանգութիւնը

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճան պատրաստ է կարելիութիւն ընձեռելու Հայաստանին` մասնակցելու համար Եւրոպայի ողիմպիական խաղերուն, յայտնած է Ազրպէյճանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ Ճենկիզ Հիւսէյնզատէ:

«Մենք պատրաստ ենք անվտանգութեան երաշխիքներ տրամադրելու ողիմպիականի բոլոր մասնակցողներուն, որոնց կարգին` հայ մարզիկներուն», ըսաւ Հիւսէյնզատէ:

Նշենք, որ Հայաստան հրաժարեցաւ տեղի ունեցած այն քուէարկութենէն, որ կ՛ուզէր ճշդել եւրոպական առաջին խաղերը հիւրընկալող երկրին անունը, որ այս պարագային եղաւ Պաքուն` ըլլալով միակ թեկնածուն:

Եզրափակելով իր խօսքը` Հիւսէյնզատէ յոյս յայտնեց, որ հայ մարզիկները մասնակցին այս առաջին ողիմպիականին:

Նշենք, որ այս քուէարկութեան համար Հռոմի վեհաժողովին մասնակցեցան Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան եւ անոր գլխաւոր պատասխանատու Գաբրիէլ Ղազարեան:

 

Share this Article
CATEGORIES