Ժիւտօ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Տղաքը` Առաջին, Աղջիկները` Երրորդ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի, նախորդ շաբաթավերջին Ատմայի մէջ տեղի ունեցան Արեւմտեան Ասիոյ ժիւտոյի ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ 169 երկսեռ մարզիկներու: Մասնակցեցան Իրաքէն, Յորդանանէն, Սուրիայէն, Եմէնէն, Պաղեստինէն եւ Լիբանանէն մարզիկներ:
Տեղի ունեցան 1996-1997 եւ 1998-1999 ծնունդ դասակարգի մրցումներ:
Խմբային դասաւորման մէջ Լիբանանի տղաքը հանդիսացան առաջին, իսկ աղջիկները` երրորդ:
Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին Արեւմտեան Ասիոյ, Արաբական եւ Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոններուն նախագահները:
CATEGORIES Մարզական