Կազմակերպութեամբ Սեն Ժոզեֆ Համալսարանին 21-24 Մարտ 2013-ին Միջազգային Համալսարաններու 4-րդ Մրցաշարքը

Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն պատուիրակութիւն մը այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի` յայտնելու համար նախարարին, որ 21-24 մարտ 2013-ին տեղի պիտի ունենայ Միջազգային համալսարաններու 4-րդ մրցաշարքը:

Սեն Ժոզեֆ համալսարանին այս 4-րդ մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ նախարար Քարամէի` համալսարանին մէջ:

Կազմակերպիչները կը յայտնեն, թէ կ՛ակնկալուի, որ այս տարի եւս մասնակցող համալսարաններուն թիւը ըլլայ մեծ` նկատի ունենալով, որ անոր սկսումէն ի վեր 18 երկիրներու տարբեր համալսարաններէ 3500 մարզիկներ մասնակցած են անոր:

Սեն Ժոզեֆի մարզական պատասխանատուները յայտնեցին, որ այս 4-րդ մրցաշարքին այլ մարզաձեւերու կողքին նկատի առնուած է նաեւ լողարշաւը:

Նախարար Քարամէ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ իր զօրակցութիւնը կու գայ յայտնելու այս 4-րդ մրցաշարքին` նկատի ունենալով, որ անիկա կը նկատուի կարեւոր իրադարձութիւն մը, որ ոչ միայն լիբանանեան, այլեւ միջազգային համալսարանները ի մի կը համախմբէ:

 

Share this Article
CATEGORIES