Ճատրակի Միջազգային Նոր Դասաւորման Մէջ Արոնեան Նահանջեց Երրորդ Դիրք

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան երկրորդ դիրքէն նահանջեց երրորդ դիրք` իր տեղը զիջելով Վլատիմիր Քրամնիքի: Ռուս Քրամնիք ունեցաւ 2810 կէտ, իսկ Արոնեան` 2802:

Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն, որ ունի 2862,4 կէտ:

Նորվեկիացին ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, երբ նախանցեալ օր տիրացաւ Լոնտոնի «Չես քլասիք» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին` ապահովելով 18 կէտ: Քրամնիք 16 կէտով հանդիսացաւ երկրորդ, մինչ Արոնեան 8 կէտով գրաւեց 6-րդ դիրքը:

Ասիկա բնականաբար արդիւնք է Քարլսընի տիտղոսին տիրանալուն եւ Արոնեանի արձանագրած ոչ այդքան տպաւորիչ արդիւնքներուն:

Իր կատարած ութ մրցումներուն, Արոնեան արձանագրեց յաղթանակ մը միայն` կրելով 2 պարտութիւն եւ արձանագրելով 5 հաւասարութիւն:

Նշենք, որ ամրապնդելով ՖԻՏԷ-ի դասաւորման մէջ պարագլուխի իր դիրքը, Քարլսըն գերազանցեց աշխարհի նախկին ախոյեան Կերի Գասպարովը, որ 1994-ին ապահոված էր 2851 կէտ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )