7 ՄԱՐՏ 1961
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ՈՂՋԵՐԹԻ ՍԵՂԱՆ Ի ՊԱՏԻՒ Բ. ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ
Տոքթ. Բ. Փափազեան, որ տարիէ մը ի վեր, իբրեւ կուսակցական գործիչ, կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներ, մօտ օրէն կը վերադառնայ Պէյրութ: Ամերիկայի մեր մարմինները ողջերթի սեղաններ տուած են Փափազեանի մեկնումին առիթով: 2 մարտ, հինգշաբթի, Նիւ Եորքի «Տարտանել» ճաշասրահին մէջ ՀՅԴ Նիւ Եորքի մարմինները տուած են ողջերթի սեղան մը:
Փետրուար 25-ին, ի ներկայութեան երկսեռ բազմութեան մը, ՀՅԴ Ուոթըրթաունի կոմիտէն ողջերթի սեղան մը կազմակերպած է: Հաւաքոյթը բացած է կոմիտէի ատենապետ Էմիլ Աֆրիկեան, որ ներկայացուցած է գործիչը ընդհանուր ծափերու մէջ: Խօսք առած են ընկերներ` Մ. Թէօլէօլեան, Գ. Մխիթարեան, Համաստեղ, տիկին Ս. Մխիթարեան, ինչպէս նաեւ զանազան կոմիտէներու ներկայացուցիչ ընկերները` Վ. Սֆրիկեան, Շ. Պետրոսեան, Հ. Աղայիկեան, Ա. Խաչիկեան, Խ. Եղիազարեան, Մ. Յարութիւնեան եւ Գ. Գազանճեան, որոնք բոլորն ալ գնահատանքի խօսք ըրած են Բ. Փափազեանի բազմարդիւն գործունէութեան մասին:
Յետոյ խօսք առած է Բ. Փափազեան, որ ջերմ զգացումներով արտայայտուած է ՀՅ Դաշնակցութեան, անոր ազատագրական պայքարներուն եւ ամերիկահայութեան զոհողութիւններուն մասին:
Ներկաները սրտագին ողջերթ մաղթած են ընկերոջ:
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ
ՆՈՒՊԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
25 փետրուարին, երեքշաբթի, տօնական օր մը եղաւ մեզի համար: Ուսուցչական կազմը, թաղականութիւնն ու աշակերտութիւնը խանդավառ ծափերով ընդունեցին տէր եւ տիկին Ն. Պէշիկթաշլեանները:
Ուխտի օր մըն էր կարծէք մեզի համար, որովհետեւ տարագիր ու հայրենազուրկ սերունդին այցելութեան կու գար մեզի ճակատագրակից հայ մեծ գրագէտը: Յարգելի հիւրերը, այցելելէ ետք մանկապարտէզի փոքրիկներուն, անոնց երգերն ու արտասանութիւնները, անոնց հայերէն թոթովանքները լսելէ ետք պտտեցան դասարանները, ապա դիտեցին ու հիացան նորակառոյց եկեղեցւոյ աշխատանքներուն:
Անհամբեր կը սպասէինք լսել զիրենք, սրահին մէջ վերջին ծայր կարգապահ ու երկիւղած երկսեռ աշակերտութիւնը կը սպասէր յարգելի հիւրին: Վարժարանիս տնօրէն Արմէն Տօնոյեան բացաւ հանդէսը` նախ ներկայացնելով հիւրերը որպէս հայկականութեան առաքեալներու, որոնք եկած են հաղորդելու մեզ եւ հաղորդուելու մեր հայկականութեամբ: Ապա հանգամանօրէն անդրադարձաւ հայ գրագէտին կատարած դերին` շեշտելով, որ հերոսութիւն է ապրիլ` գրելով, եւ գրել` ապրելով:
Ապա հայ երգիծաբանութեան մասին խօսելով` յիշեց հայ առաջին երգիծական գործը արդի գրականութեան մէջ` պատահականօրէն գրուած Խաչատուր Միսաքեանի կողմէ:
Թուեց նաեւ անունները` օտար մեծանուն երգիծաբաններու` Մոլիէրի, Կոկոլի, Պեռնար Շոյի, եւ որոնց կողքին միշտ կանգուն մնացող Յակոբ Պարոնեանը, Երուանդ Օտեանն ու Ն. Պէշիկթաշլեանը: Խիտ տողերով գրական դէմքը ներկայացնելէ ետք, Ա. Տօնոյեան անցաւ յայտագրի գործադրութեան: Աշակերտներու կողմէ եղան երգեր, արտասանութիւններ ու անակնկալներ, ընդհանրապէս` Նշան Պէշիկթաշլեանի գործերէն: Ապա ընդհանուր ծափահարութեան եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ տնօրէնը բեմ հրաւիրեց սիրելի հիւրը, որ յուզուած եւ արտասուալից դիտեց պահ մը բանակը այն պայծառ հայկական աչքերով հայորդիներուն, որոնք ծարաւի ու սքանչացած կը սպասէին հայ գրագէտին խօսքերուն ու պատգամին:
«Սիրելի մանուկներ եւ աղջնակներ, ոչ մէկ ատեն այսքան չեմ յուզուած որքան այսօր` ձեր մէջ: Դուք` Ազգ. Նուպարեան վարժարանի աշակերտներ, գոհ եղէք, որ այս համեստ յարկին տակ կը մեծնայ որպէս հայ: Զարգացէք, սորվեցէք ամէն բան, բայց ամէն բանէ առաջ եղէք հայ, սիրեցէք մեր գեղեցիկ եւ աննման լեզուն»:
Շարունակելով իր սրտառուչ եւ յուզուած պատգամը` ան յիշեց քանի մը դէպք, երբ հայ մամիկը իր զաւակներուն հայ լեզուն կը սորվեցնէ` առանց գրել կարդալ գիտնալու: Ցոյց տուաւ միջավայրի ազդեցութիւնը մանուկներուն վրայ եւ, հետեւաբար, հայ ազգային վարժարանները միակ օճախներն են հայապահպանութեան:
Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր մտերմութեան մէջ տէր եւ տիկին Պէշիկթաշլեանները գեղեցկօրէն տպաւորեցին ներկաներու վրայ: Թաղականութեան ատենապետ Կ. Կիւլեսերեան յատկապէս յուզուած շնորհակալութիւն յայտնեց յարգելի հիւրերուն, որ ամբողջ օր մը մեր մէջ անցուցին բարձր տրամադրութեամբ: «Գնահատելով ձեր նուիրումը հայ մշակոյթին,- ըսաւ ան,- անհամարձակօրէն պիտի խնդրենք որպէս այրի կնոջ լուման` մեր նուէրը ընդունիք որպէս հիմնադրամ ձեր անտիպ գործերու հրատարակութեան ֆոնտին»:
Մինչեւ ուշ ատեն մշակոյթի, ազգային այլեւայլ երեւոյթներու մասին կարծիքի փոխանակութենէ ետք, Նշան Պէշիկթաշլեան հրաժեշտ առաւ` խորապէս զգացուած, խոստանալով այլ առիթներով այցելել Ազգ. Նուպարեան վարժարանը:
Յ. Յ.
Յ. Գ.- Այս առիթով Ազգ. Նուպարեան վարժարանի բարձրագոյն կարգի աշակերտները 16 լ. ոսկի կը նուիրեն Նշան Պէշիկթաշլեանի անտիպ գործերու հրատարակութեան ֆոնտին: