50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1962)
Տոմսեր
Հիւրեր Եւ Գողեր Թուրքիոյ Մէջ
Թուրքիոյ Ծովային դրամատունը Տենիզ պանք, եւրոպացի հինգ համբաւաւոր մարդիկ հրաւիրած է, որոնք քանի մը օր մնացած են երկրին մէջ` բազմաթիւ հացկերոյթներու մասնակցելով ու տեսարժան վայրեր պտտելով:
Այս հիւրասիրութեան նպատակն էր ականաւոր այդ մարդիկը գործի լծել` արտասահմանի մէջ թրքանպաստ քարոզչութիւն կատարել տալու համար անոնց, կ՛ըսեն թուրք թերթերը:
Հիւրերէն մէկը, Եւրոպա վերադառնալով, իր տպաւորութիւնները ամփոփած է հետեւեալ կերպով.
– Մեր հիւրընկալն էր Թուրքիոյ Ծովային դրամատունը, Թրքական հիւրասիրութիւնը ծովու նման խոր է եւ անչափ: Այնքան խորացանք հիւրասիրութեան մէջ, որ կարծեցի, թէ պիտի խեղդէին մեզ:
Երկրորդ համբաւաւոր մը ըսած է.
– Թուրքիա մտած օրէս ոչ մէկ սենթ ծախսեցինք: Թուրքերը նոյնիսկ մեր ծխած սիկարէթը նուիրեցին: Միակ դժբախտութիւնս այն էր, որ քանի մը անգամ դրամապանակս գողցան եւ կարեւոր գումարներ վերցուցին:
– Գիշեր մը,- պատմած է վերջընթեր համբաւաւոր մը,- Չամլըճայէն կը վերադառնայինք ինքնաշարժով: Գեղեցիկ գիշեր մըն էր, թուրք գոզալներով: Յանկարծ կամուրջի մը վրայ խումբ մը դիմակաւորներ կեցուցին մեր ինքնաշարժը: Թուրքերը բարձր խօսքեր կ՛ուղղէին մեզի: Խնդրեցինք, որ անգլերէնի կամ ֆրանսերէնի թարգմանեն իրենց ըսածները: Մեր թուրք հիւրընկալները ըսին, թէ անթարգմանելի բառեր էին, եւ միայն թուրքերէնով կարելի էր ըսել զանոնք: Բանաստեղծութի՞ւն է, հարցուցի ուրախութեամբ: Ո՛չ, ժողովրդական բանահիւսութիւն է. բայց գէշ տեսակի, պատասխանեցին, ու ազդարարեցին, որ յելուզակները կ՛ուզէին սպաննել մեզ:
– Բայց ի՞նչ պատճառով: Չէ՞ որ մենք եկած ենք ձեր երկիրը արտասահմանի մէջ գովելու համար,- ըսի:
– Ճիշդ այդ պատճառով: Ասանկ երկիր մը գովաբանելու համար եկած մարդիկը մեռնելէ զատ բանի մը արժանի չեն, կ՛ըսեն աւազակները` ձեր հասցէին ծանրակշիռ հայհոյանքներ արձակելով: Ի՞նչ կ՛ըսէք:
Ինչ կրնայի ըսել: Դո՛ւք պիտի ըսէք, ինչ որ պէտք է ըսել. շեշտեցի մեր հիւրընկալ թուրք պաշտօնատարներուն, որոնք սմքած էին:
Բարեբախտաբար իրենց մէջէն մէկը գողերուն բարեկամ ելաւ ու յաջողեցաւ մեղմել անոնց բարկութիւնը: Սքանչելի երկիր է Թուրքիան:
ԳԻՍԱՒՈՐ
Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան
Պարահանդէսը
Շաբաթ, 8 դեկտեմբեր 1962-ին, Քազինօ Տիւ Լիպանի ընդարձակ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան կազմակերպած պարահանդէսը` ի նպաստ հայ վարժարաններու ուսանողութեան առողջապահական ֆոնտին:
Պարահանդէսին իր բարձր նախագահութիւնը շնորհած է հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայէլ, որ ներկայ գտնուեցաւ պարահանդէսին` իր կնոջ հետ:
Բժշկական միութեան վարչութեան ատենապետ տոքթ. Գ. Կէրկէրեան իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց նախարարին, բոլոր ներկաներուն եւ ձեռնարկը քաջալերողներուն ու շեշտեց, թէ լիբանանահայ բժշկական միութիւնը իր համեստ, բայց եւ այնպէս ոսկեղէն բաժինն է բերեր Լիբանանի մէջ թափուող առողջապահական վերելքի ճիգերուն` 20-է աւելի վարժարաններէ ներս կատարելով բժշկական քննութիւններ, պատուաստումներ եւ նաեւ դարմանումներ:
Միութեան յարգելի ատենապետին բացման այս խօսքերէն ետք սկսաւ ճաշկերոյթը, ապա եւ պարահանդէսը:
Ճաշկերոյթի ընթացքին տեղի ունեցաւ կանացի հագուստներու ցուցադրութիւն` մանըքէններու կողմէ: Ժամը 1:00-ին ալ, քազինոյի յայտագիրին մէկ մասը եկաւ վար, 500-էն աւելի ներկաները զուարթացնելու, հետաքրքրելու սքանչելի աճպարարութիւններով եւ սրամիտ երգերով կամ կատակներով:
Վիճակահանութեան դրուած էին արժէքաւոր նուէրներ, ինչպէս նաեւ` այլ մօտ 140 կտորի չափ զանազան նուէրներ:
Պարահանդէսի խանդավառ մթնոլորտին չնպաստող մասը կը կազմէր` ըլլա՛յ պէտք եղածէն աւելի ծախուած ըլլալը վիճակահանութեան տոմսակներուն, ըլլա՛յ վիճակահանութիւնը քաշելու անկազմակերպ ու երկարատեւ ձեւը, որ շատ ուշ ատեն եւ շատ երկար ժամանակի համար ժողովուրդը գամուած պահեց աթոռներուն: Տարբեր ձեւ եւ տարբեր արագութիւն պէտք էր` աւելի երկար ժաամանակ պարելու եւ խանդավառուելու առիթ տալու համար:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

