Խոհագիր. Կաղանդի Կրկնեփներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ա.- Տուրմով Սապլէ

Բաղադրութիւն

– 1 1/2 գաւած փոշի շաքար
– 2 գաւաթ կարագ
– 1 հաւկիթ
– Վանիլիա
– 3 1/2 գաւաթ ալիւր

Պատրաստութիւն

Բաղադրութիւնները խառնել` սկսելով շաքարով եւ հաւկիթով: Նախընտրելի է ելեկտրական գործիք չգործածել եւ ձեռքով շաղել զանազան նիւթերը:

Ստացուած խմորը երկուքի բաժնել եւ ալիւրոտուած սեղանի մը վրայ բանալ կէս սմ. թանձրութեամբ: Կլոր կաղապարով կտրտել բացուած խմորը, ապա ձեւաւորուած խմորները շարել ափսէի մը մէջ եւ միջակ ջերմութեամբ փուռի մէջ եփել:

Նոյնը կատարել խմորին երկրորդ կէսով, բայց` կլորներուն կեդրոնը երկրորդ կաղապարով մը աստղաձեւ բացուածքներ ձեւաւորելով:

Եփելէ ետք կլոր կրկնեփներուն վրայ շոքոմաքս քսել եւ վրան զետեղել աստղաձեւ բացուածքով երկրորդ կէսը:

Շոքոմաքսը կարելի է փոխարինել պեն մարիով հալած տուրմով եւ կամ ձեր նախասիրած մէկ անուշով:

Բ.- Կեռասով Բլիթներ   

Բաղադրութիւն

– 2 գաւաթ կարագ
– 1 գաւաթ փոշի շաքար
– 1 թէյի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 1 թէյի դգալ նարինջի հիւթ
– 1/2 թէյի դգալ աղ

Պատրաստութիւն

Միատեղ խառնել եւ շաղել բաղադրութիւնները, եթէ խմորը կակուղ է, ծածկել եւ սառնարանը ձգել:

Խմորէն ձեւաւորել 2-3 սմ. գնդակներ եւ շարել ափսէի մը մէջ, իրարմէ հեռու: Իւրաքանչիւրին կեդրոնը մատով ճնշել եւ փոսիկին մէջ շաքարոտած կեռասի մը կէսը տեղաւորել:

Փուռին մէջ եփել շուրջ 15 վայրկեան, սպասել, որ պաղի, ապա վրան փոշի շաքար ցանել:

Նոյն այս խմորով կարելի է պատրաստել մահիկաձեւ կրկնեփներ, ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ:

Նշենք, որ այս 3 կրկնեփներն ալ կարելի է տօնածառի զարդարանքներու վերածել, եթէ անոնց վրայ ըմպեղէգով (շալիւմօ) ծակեր բանանք` նախքան փուռին մէջ եփելը: Եփելէ ետք այդ ծակերէն սիրուն ժապաւէններ անցուցէք եւ տօնածառին ճիւղերէն կախեցէք:

 

Տօնական Օրերու Նախօրեակին

Տօնական Սեղանի
Յարդարանք

Տօնական սեղանի յարդարանքները նոյնքան կարեւոր են, որքան` հրամցուած ուտելիքներն ու քաղցրեղէնները:

Այսօրուան էջով կը ներկայացնենք սպասներու յարդարանքի 5 տարբեր գաղափարներ:

Այս յարդարանքներուն առաւելութիւն այն է, որ բոլորն ալ դիւրին իրագործելի են եւ, մանաւանդ, մեծածախս չեն:

Այսօրուընէ իսկ ընտրեցէք ձեր ճաշակին յարմարողը եւ ապահովեցէք անհրաժեշտ իրերը եւ անցէ՛ք պատրաստութեան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Սեղանի Զարդեր

Քանի մը թաղար կամ ծաղկաման, քանի մը մոմ, քիչ մը Կաղանդի զարդարանք բաւարար են սեղանի գեղեցիկ զարդեր պատրաստելու համար:

Ինչպէս 3 նկարները ցոյց կու տան, մեծ բան պէտք չէ գեղեցիկ զարդեր պատրաստելու համար: Իսկ ձեր երեւակայութեան քիչ մը զարկ տալով` հրաշք կրնաք գործել:

Արդէն ժամանակն է, որ ձեղնայարկէն իջեցնէք Կաղանդի հետ կապուած ձեր զարդարանքները, մէջտեղ հանէք մէկ-երկու ներկայանալի աման, ծաղկաման կամ բաժակ եւ շուկայէն գնէք քանի մը գեղեցիկ մոմ:

Նկարներէն ներշնչուելով` պատրաստեցէք ձեր զարդերը եւ, ինչո՞ւ չէ, Կաղանդի «պուլ»-ը փոխարինելով նուռով կամ նարինջով, անոնց կողքին աւելցնելով կասիայի ցպիկներ, ընկոյզ, կաղին եւ այլն…

 

 

 

 

 

Ժամանակը կարճ է եւ պէտք է գործի լծուիլ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Նոր Տարուայ Գիշեր

Թէ աշխարհում փակ դռներ կան,
թող որ բացուեն այս գիշեր,
Ու Նոր տարին նոր խնդութեամբ
թող ներս մտնի այս գիշեր,
Թէ կան դատարկ, համր տներ`
մանկան ճիչով թող լցուեն,
Ով փնտռում է սրտանց մէկին`
յանկարծ գտնի այս գիշեր:
Թէ կան լացող, տխուր աչքեր,
թող ծիծաղեն այս գիշեր,
Կանչող ձեռքերն իրար հասնեն,
հրաշք ապրեն այս գիշեր:
Թէ կան սրտեր` չար նախանձով,
դառնան բարի ու ներող,
Եւ ուրիշի ուրախ կեանքով
խանդավառուեն այս գիշեր:
Թէ մոլորուած անցորդներ կան,
դարձի թող գան այս գիշեր,
սրբագործուած սիրով մտնեն
իրենց օջախն այս գիշեր,
Թէ կան բախտի փշոտ ճամբէք,
թող ծաղկունքով կանաչեն
ու երջանիկ սպասումով
բոլորն արբեն այս գիշեր…
Թէ աշխարհում պանդուխտներ կան,
թող տուն դառնան այս գիշեր,
հայրենական յաւերժութեամբ
ողջագուրուեն այս գիշեր:

ՄԵՏԱՔՍԷ

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )