«ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ ՆՊԱՍՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՒԼ

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ յայտնեց, որ իր երկիրը «կը փորձէ սուրիացի ժողովուրդին օրինական պահանջներուն համապատասխանող բարեփոխումներու ջանքերուն եւ փոխանցման գործողութիւններու գործադրութեան նպաստելու համար Սուրիոյ դրական օժանդակութիւն տրամադրել»:

Կիւլ Անգարայէն Վիեննա մեկնելէ առաջ յայտարարեց, որ Թուրքիա նոյն ատեն Սուրիոյ զարգացումներուն լոյսին տակ միջոցառումներ որդեգրած է եւ պատրաստուած զարգացումներու յոռեգոյն տարբերակներուն: Ան նշեց, որ շուրջ երեք հարիւր սուրիացի քաղաքացիներ Թուրքիա ապաստանած են եւ տեղակայուած երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ:

Թուրքիոյ նախագահը յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ բարեփոխումները գործադրուին եւ փոխանցման հանգրուանի գործադրութիւնը տեղի ունենայ առանց յաւելեալ արիւնահեղութեան, «եւ կարելի եղածին չափ շուտ հաստատուի ժողովրդավարական վարչակարգ մը, որ հիմնուած ըլլայ բազմակուսակցական դրութեան վրայ»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի օր պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին իր կարգին յայտնեց, որ «Թուրքիա վստահաբար Սուրիոյ մասնատումը չ՛ուզեր: Եւ Սուրիա պէտք չէ արտօնէ որեւէ փորձ, որ կրնայ մասնատման ճամբան հարթել: Ժողովուրդին ազատութեան մասին կը խօսինք: Նախագահ Ասատ այդ ազատութեան պայքարին նկատմամբ վճռակամ վերաբերմունք պէտք է ունենայ: Ան յայտարարեց, որ արտակարգ դրութիւնը ջնջուած է, սակայն որոշումը պէտք է գործադրուի: Մարդիկ պէտք չէ սպաննուին»: Էրտողան աւելցուց. «Մենք պատրաստ ենք փտածութեան դէմ պայքարին մէջ Սուրիոյ օժանդակելու ամէն ջանք թափելու»:

«Մենք Սուրիոյ հետ բարեկամական եւ պատմական յարաբերութիւններ ունինք: Հիւսիսային Ափրիկէի զարգացումներէն ետք անհանգիստ զգացինք այն հաւանականութենէն, որ այդ զարգացումները կրնան մեր շրջանին մէջ եւս նոյնպիսի դէպքեր խթանել: Դամասկոս իմ վերջին այցելութեանս ընթացքին, այդ մտահոգութիւնները փոխանցեցի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին: Անոր կոչ ուղղեցի, որ Սուրիոյ մէջ աւելի քան 40 տարիէ ի վեր հաստատուած արտակարգ դրութեան վերջ տրուի: Նախագահ Ասատ որեւէ տարակարծութիւն չյայտնեց, սակայն անհրաժեշտ քայլերը չառաւ: Վերջապէս, Սուրիա այս կէտին հասաւ: Մենք սուրիացի ժողովուրդը ընդունելու համար Սուրիոյ հետ սահմանային անցք մը բացինք: Անոնց առջեւ դուռը չենք կրնար փակել: Սակայն նաեւ շարք մը միջոցառումներ որդեգրած ենք», ըսաւ ան:

«Ի վերջոյ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պիտի քննարկէ Սուրիոյ դէպքերը: Սուրիա 1982-ին Համայի մէջ տեղի ունեցածին նման այլ ջարդ մը պէտք չէ դիմակայէ: Նախագահ Ասատին կոչ ուղղեցի այդ առնչութեամբ շատ զգուշ ըլլալու: Եթէ այդպիսի ջարդ մը անգամ մը եւս տեղի ունենայ, Սուրիա չի կրնար անոր հետեւանքներուն տոկալ: Որովհետեւ միջազգային ընտանիքը բուռն հակազդեցութիւն պիտի ցուցաբերէ: Եւ, Թուրքիա պիտի ստիպուի այդպիսի կացութեան մը մէջ իր պարտաւորութիւնները կատարել», նշեց Էրտողան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջազգային միջամտութիւն մը անբաղձալի հետեւանքներ պիտի ունենայ: «Սուրիա մեր դրացին եւ գերիշխան երկիր մըն է: Մենք հարցին ներքին լուծման մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայենք: Միջազգային միջամտութիւնը կրնայ անբաղձալի արդիւնքներ ունենալ մասնաւորաբար ընկերային առումով ոչ համատեսակ ընկերութիւններու մէջ», ընդգծեց Տաւութօղլու:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը պիտի տապալի, եթէ շարունակէ ցոյցերը բիրտ ուժով ճնշել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES