ԹՈՒՐՔԻԱ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐԱՊԷՍ ԿԸ ՓԱԿԷ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ ԻՐ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԸ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ ապահովական վատ պայմաններուն պատճառով` Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ իր երկրին դեսպանատունը ժամանակաւորապէս փակուած է եւ անոր անձնակազմը Թունուզ մեկնած է:

Տաւութօղլու յայտնեց, որ դեսպանատան գործունէութիւնը առկախուած է, իսկ դեսպանատան անձնակազմը Բրիտանիոյ եւ Իտալիոյ դեսպանատուներուն դէմ կիրակի օր տեղի ունեցած յարձակումներէն ետք երէկ ապահով կերպով Թունուզ անցած է:

Տաւութօղլու նշեց, որ այս որոշումը չի նշանակեր, թէ Թուրքիա կը դադրեցնէ Լիպիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու իր դիւանագիտական ջանքերը, սակայն չնշեց, թէ թրքական դեսպանատունը որեւէ սպառնալիք ստացա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Ըստ անոր, Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան վերաբացման թուականը անորոշ է, սակայն լիպիացի ըմբոստներու կեդրոնատեղի Պենկազիի մէջ թրքական հիւպատոսարանը տակաւին բաց է:

Share this Article
CATEGORIES