ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՄԱՍՆԱՅԱՏՈՒԿ ՈՒԺԵՐ ՍՊԱՆՆԵՑԻՆ ՊԸՆ ԼԱՏԵՆԸ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, որ ամերիկեան ուժեր Փաքիստանի մէջ սպաննած են Քայիտայի ղեկավար Ուսամա Պըն Լատենը: Ան սպաննուեցաւ Միացեալ Նահանգներու ծովուժի մասնայատուկ ուժերուն կողմէ` Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատէն 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ապպոթթապատի մէջ: Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ անոր դիակը ծովը թաղուած է, իսլամական օրէնքին համաձայն, եւ արգելք հանդիսանալու համար, որ անոր գերեզմանը ուխտավայրի վերածուի: Ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ ան գլուխէն փամփուշտ ստացած է. ըստ ամերիկեան «Էն. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին, Պըն Լատեն ձախ աչքէն փամփուշտ ստացած է, իսկ ըստ «Սի. Էն. Էն.»ի` գլխու կողմէն: Ուաշինկթընի, Նիւ Եորքի եւ ամերիկեան այլ քաղաքներու մէջ բազմաթիւ ամերիկացի քաղաքացիներ փողոցներուն մէջ 11 սեպտեմբեր 2001-ի գործողութեան եւ ամերիկացիներու կեանքեր խլած այլ գործողութիւններու ետին կանգնողին սպանութեան առիթով տօնախմբութիւն կատարեցին:

Օպամա յայտնեց, որ օգոստոսի վերջաւորութեան Պըն Լատենի գտնուած հաւանական վայրին մասին զեկուցում մը ստացած է: «Տեղեկութիւնը հաստատ չէր, եւ զայն հաստատելը բազմաթիւ ամիսներ տեւեց: Մինչ Փաքիստանի խորքը շրջափակով տան մը մէջ Պըն Լատենի գտնուելուն հաւանականութեան շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ ապահովեցինք, Ազգային ապահովութեան խմբակիս հետ իրերայաջորդ հանդիպումներ ունեցայ: Եւ վերջապէս, անցեալ շաբաթ վճռեցի, որ գործնական քայլ մը առնելու բաւարար տեղեկութիւն ունինք, եւ հրամայեցի, որ Ուսամա Պըն Լատենը ձերբակալելով զինք արդարադատութեան յանձնելու գործողութիւն մը տեղի ունենայ», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը: 40 վայրկեան տեւած բախումի մը ընթացքին Պըն Լատեն սպաննուած է եւ ամերիկեան ուժերը անոր դիակը գերեվարած են: Ըստ ամերիկացի պաշտօնատարի մը, գործողութեան նպատակը Պըն Լատենը սպաննելն էր եւ ոչ թէ զինք ձերբակալելը: Գործողութեան ընթացքին որեւէ ամերիկացի զինուոր չէ վնասուած: «Սի. Այ. Էյ.»ը  Պըն Լատենի գտնուած տունը արբանեակի ճամբով սեպտեմբերէն ի վեր հսկողութեան տակ առած է, իսկ անոր նամակաբաշխը 4 տարիէ ի վեր հսկողութեան տակ էր:

«Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէն Լէոն Փանեթա յայտնեց, որ Քայիտա շարժումը պիտի փորձէ իր ղեկավարին վրէժը լուծել, իսկ Թալեպան շարժումը խոստացաւ «ամերիկեան եւ փաքիստանեան կառավարութիւններէն եւ անոնց ապահովական ուժերէն» վրէժ լուծել: Պաղեստինեան Համաս շարժումը դատապարտեց Պըն Լատենի սպանութիւնը, իսկ Պաղեստինեան իշխանութիւնը եւ աշխարհի տարածքին բազմաթիւ երկիրներ, ներառեալ` Թուրքիան, ողջունեցին անոր սպանութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES