«Կամաւոր Աշխատանքի Օր»-ը Եւ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը

Քաղաքակիրթ աշխարհը ըմբռնած ըլլալով կամաւոր աշխատանքին արժէքը եւ օգուտը մարդկային կեանքին մէջ` անոր նուիրած է յատուկ օր մը, 5 դեկտեմբերը: ՄԱԿ-ը որդեգրած է այս տօնը, հրաւիրելով յարգել կամաւոր աշխատանքի նուիրուած անձերը: Մարդկային ընկերութիւնը զգացած է կամաւոր աշխատողներուն օգտակարութիւնը, մասնաւորաբար բարեսիրական, կրթական եւ հանրօգուտ հաստատութիւններու գործունէութեան յառաջընթացին համար ամէն տարի կը հրաւիրէ նուիրեալ կամաւոր աշխատողները` շնորհակալութիւն յայտնելու անոնց:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը նշեց այս Տօնը` 8 դեկտեմբեր 2012-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» սրահին մէջ:

Հանդիսութեան ներկայ եղան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու անդամուհիներ: Հանդիսութիւնը սկսաւ ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութեամբ, ապա Սեդա Մանկասարեան կատարեց բացումը` խօսելով «Կամաւորներու օր»-ուան կարեւորութեան մասին: Աշխատանք մը, որ կը կատարէ ԼՕԽ-ը իր անդամուհիներով` աւելի քան 80 տարիներէ ի վեր:

Ան յիշեց զանազան հաստատութիւններուն մէջ կիրարկուած կամաւոր աշխատանքը եւ աշխատողներուն նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքը: Իր խօսքէն ետք ան հրաւիրեց օրուան բանախօսը` գրող, հրապարակագիր, վիպագիր եւ հրապարակախօս, «Բագին» գրական հանդէսի խմբագրապետ Յակոբ Պալեանը` ներկայացնելով անոր կենսագրականին ամփոփ գիծերը:

Յ. Պալեան նկատել տուաւ, թէ կամաւոր աշխատանքը ընդունուած եւ արժեւորուած աշխատանք մը, որ ամէն բանէ առաջ հիմնուած է որակի վրայ, այսինքն` նուիրումի վրայ եւ կը պահանջէ ամբողջական ըմբռնում եւ զգացողութիւն` կատարուած աշխատանքին համար: Կամաւոր աշխատողը կը մոռնայ իր ԵՍ-ը, ինչ որ նուիրումի առողջ դրսեւորումն է: Ան յիշեց մարդկային իրաւունքներուն հաստատման անհրաժեշտութեան մասին, թէ ընկերութիւնը ունի քաղաքակրթուած հոգեմտաւոր կառոյց եւ մարդկայինին հանդէպ խոր գիտակցութիւն: Այս մտածումը արժեւորեց ֆրանսացի փիլիսոփայի մը մէկ պատգամով, որ կ՛ըսէ. «Ուրիշներուն իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»: Բանախօսը հմուտ մտաւորականի իր տեսակէտը արտայայտելով` շեշտեց կամաւոր աշխատանքի կատարման մասին` առանց ցուցամոլութեան, որ առաւել կ՛արժեւորէ կամաւոր աշխատանքին նուիրեալը: (Խօսքը կը հրատարակենք առանձին):

Հանդիսութիւնը ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն մասնակցեցան «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի շնորհալի աշակերտուհիներ` Մարինէ Հալլաճեան եւ Նարէ Աշգարեան, ջութակի նուագով: Յուսատու եւ խոստմնալից ջութակահարներ, որոնք արժանացան ներկաներուն ջերմ ծափերուն: Կոմիտասի «Ալագեազ» եւ «Խնկի ծառ» երգերը մեներգեց Սիրան Արծրունի:

Օրուան վերջին խօսողը եղաւ առաջնորդ սրբազանը, որ պատիւ նկատեց իր ներկայութիւնը ամբողջովին կամաւոր աշխատանքին նուիրուած ԼՕԽ-ի հանդիսութեան:Սրբազանը բարձր գնահատեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հայուհիները, որոնց գիտակից ներդրումով, նուիրեալ աշխատանքով կը գոյատեւէ մարդասիրական եւ հայանպաստ աշխատանքը, ինչ որ բարոյական յանձնառութիւն է մեր կեանքին մէջ: Հանդիսութիւնը օրհնուեցաւ Գեղամ արք. Խաչերեանի «Պահպանիչ»-ով:

Share this Article
CATEGORIES