Կամաւորներու Օրուան Առիթով. Ո՞վ Է Կամաւորը

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Մարդկային ընկերութեան մէջ իր արժանաւոր վարկն ու տեղը ունի կամաւոր աշխատանք յանձն առած անձը: Ան զանազան մարզերու մէջ ներկայութիւն է` օգնութեան կարիք ունեցողին հասնելու, իր անսակարկ ծառայութիւնը մատուցելու: Կամաւոր ծառայողներու կը հանդիպինք հիւանդանոցներու, ծերանոցներու, ընկերային ծառայութեան յատուկ հաստատութիւններու մէջ, նաեւ` անտես անկիւններու մէջ անտէր մնացած անձերու, տարեցներու եւ լքեալներու տառապանքը մեղմացնող նուիրեալներու կողքին:

Կամաւորը խոնարհ անձն է, որ իր պարտականութիւնը կը կատարէ` առանց յետին նպատակի, առանց փոխադարձ ակնկալութեան: Ան վարձատրութեան մասին չի մտածեր, որովհետեւ այդ պարագային իր յանձնառութիւնը կամաւոր աշխատանքէն կը հեռանայ եւ կը վերածուի նիւթական ապահովելու ասպարէզի:

Ազգային, հանրային, բարեսիրական կամ կրթական որեւէ ոլորտի մէջ ինքնամոռաց տրամադրութեամբ կ՛աշխատին` առանց դժգոհութեան կամ տրտունջի: Հոս է կամաւորին հոգեկան մեծութիւնը:

Կամաւորին արժէքն ու արժանիքը հաստատած եւ վայելած մեծ պետութիւններ լաւագոյնս կը գիտակցին ԿԱՄԱՒՈՐԻՆ ազնիւ եւ նուիրեալ յանձնառութեան, եւ այդ իսկ պատճառով որոշած են «Կամաւորներու միջազգային տօն»:

Մեր մանկութեան օրերուն տեսած ենք ու ճանչցած` տարեց հայեր, մասնաւորաբար` մէկ կամ երկու անձնաւորութիւն, որոնք կը կոչուէին ԿԱՄԱՒՈՐ: Կը կարծէինք, թէ յատուկ անուն է այդ, բայց երբ տարիները անցան, եւ մենք դարձանք հասակաւոր, հասկցանք, թէ անոնք եղած են կամաւոր զինուորներ` Հայաստանը փրկելու կոչուած: Անոնք կը հագնէին զինուորականի տարազ, նաեւ` յատուկ սրածայր գլխարկ, ինչ որ կը հաստատէ, թէ անոնք կռուած եւ պահած են իրենց խոստումը, եւ չեն բաժնուիր հայրենասիրական ծառայութեան համար ստացուած ԿԱՄԱՒՈՐ տիտղոսէն:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մեծ ընտանիքը կամաւոր անդամներէ կը բաղկանայ: Իւրաքանչիւր մասնաճիւղ եւ միաւոր ունի իր նուիրեալ գործունէութիւնը, որով կը շարունակուի միութենական հաստատ ընթացքը հարիւրամեակէ մը ի վեր: Անոնք վարձատրուող պաշտօնեաներ չեն, կը տրամադրեն ժամանակ, հանգիստի պահեր, չեն հաշուեր աշխատանքի ժամերը, թէ ե՛րբ սկսան գործի եւ ե՞րբ պիտի աւարտեն: Կը հետեւին կարգապահութեան, կը յարգեն ժամադրութիւն, ներկայութիւն են ամենայն ճշդապահութեամբ: Այս տուեալներէն եւ յատկանիշներէն հեռու եղած ոեւէ անձ, որ կ՛ուզէ կամաւորի մակդիրին արժանանալ, կը սխալի:

Լիբանանահայ մեր գաղութի կեանքին կազմաւորման տարիներուն ֆութպոլի կամ մարզական այլ խումբերու անդամները իրենց խաղերը կը կատարէին անվճար, կամաւոր կերպով: Յաղթանակներ կ՛ապահովէին անոնք: Ներկայիս այս մարզը բոլորովին եղած է յատուկ մասնագիտական ասպարէզ, ուր կամաւոր ներկայութիւն չկայ եւ չի կրնար ըլլալ: Սա մեր կեանքին պահանջն է: Պէտք է հետեւինք անոր:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, նաեւ մեր բոլոր բարեսիրական միութիւնները, կրթական մարմինները, եկեղեցասէր ու հոգեւոր հաստատութիւնները ոտքի վրայ պահողները կամաւոր աշխատողներն են: Այս աստուածահաճոյ նուիրումով է, որ կը գոյատեւեն մեր գաղութին հայադրոշմ հաստատութիւնները, հայաշունչ մթնոլորտի մէջ:

Կամաւորներու օրուան առիթով կը շնորհաւորենք Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Սիրոյ ընտանիքը»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )