Ըստ Թրքական «Ուըրլտ Պուլեթին»-ի Ֆրանսա Հրաժարած Է Թուրքիա – Եւրոպական Միութիւն Բանակցութեանց Մէջ «Անդամակցութիւն» Բառի Մերժումէն
Թրքական «Ուըրլտ Պուլեթին» կայքէջը կը հաղորդէ, որ «անդամակցութիւն» բառը, որ վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին Եւրոպական Միութեան ընդլայնման վերաբերեալ զեկուցումներէն կը բացակայէր, Եւրոպական Միութեան վերջին զեկուցումին մէջ ներառուած է:
Կայքէջը կը նշէ, որ այդ եզրի բացակայութեան գլխաւոր պատճառը Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի Թուրքիոյ անդամակցութեան ընդդիմացումն էր եւ «Թուրքիոյ նկատմամբ բացայայտ խտրական կեցուածքը»:
Եւրոպական խորհուրդը նոր փաստաթուղթին մէջ կը նշէ, որ «երկու կողմերուն շահերէն կը բխի, որ անդամակցութեան բանակցութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ նոր թափ ստանան»:
Զեկուցումը նաեւ կը շեշտէ, որ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիան կը խրախուսէ նոր սահմանադրութեան նախագիծ մը պատրաստելու` յայտնելով, որ ատիկա պէտք է «Թուրքիոյ մէջ բարեփոխումներու կարեւոր ջանքերուն, ներառեալ` քրտական հարցին նկատմամբ, գործնական շրջագիծ մը» ապահովէ:
Խորհուրդը կը յայտնէ, որ Թուրքիա Եւրոպական Միութեան համար կարեւոր գործընկեր մըն է` աւելցնելով, որ «Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութեանց ամբողջական կարողականութիւնը կրնայ իրականանալ միայն անդամակցութեան աշխուժ բանակցութիւններու ճամբով»:

