Ըստ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Հետախուզութեան Խորհուրդի Զեկուցումին Յառաջիկայ 20 Տարուան Ընթացքին Թուրքիա Պիտի Մասնատուի

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան խորհուրդը հրապարակած է յառաջիկայ քսան տարուան նախատեսութիւններ բովանդակող իր զեկուցումը, որուն մէջ Թուրքիոյ վերաբերող դիպաշարներէն մէկուն համաձայն, հաւանական է, որ մինչեւ 2030 քրտական պետութիւն մը ստեղծուի, ինչ որ պիտի ազդէ Թուրքիոյ միասնականութեան վրայ:

Ըստ ամերիկացի հետախոյզներուն, Քիւրտիստանը պիտի ազդէ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան վրայ եւ հաւանական է, որ երկիրը պառակտուի: Սակայն նոյն զեկուցումը նաեւ կը նշէ, որ միջազգային հարցերուն մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնն ու ազդեցութիւնը պիտի աճի:

Զեկուցումը տնտեսական վերելք կը նախատեսէ Քոլոմպիոյ, Եգիպտոսի, Ինտոնեզիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ համար, իսկ Ռուսիոյ, Ճափոնին եւ Եւրոպային տնտեսական անկում կը սպառնայ:

Յառաջիկայ բազմաբեւեռ աշխարհին մէջ ալ Միացեալ Նահանգներուն վերապահուած է արդէն ոչ թէ «գերտէրութեան», այլ` «հաւասարներու մէջ առաջինի» կարգավիճակ: Չինաստանը նոյն զեկուցումին մէջ ներկայացուած է իբրեւ «դանդաղօրէն վերելք ապրող երկիր»:

Մինչեւ 2030 նախատեսուած է իսլամական ահաբեկչութեան վերացում:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES