ՕԹԱՆ Կ՛ողջունէ Ռուսիոյ Եւ Վրաստանի Միջեւ Յարաբերութիւնները Վերականգնելու Փորձերը
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիա յայտնած է, թէ ՕԹԱՆ կ՛ողջունէ Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ բանակցութիւններու վերսկսումը:
«Նոյեմբերին վարչապետ Պիծինա Իւանիշվիլիի պրիւքսելեան այցելութեան ընթացքին ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն յայտարարած էր, որ ՕԹԱՆ-ի մէջ Վրաստանի հաւանական համարկումը Վրաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները որեւէ ձեւով չի խոչընդոտեր: Ընդհակառակն` ՕԹԱՆ հետաքրքրուած է այդ բանակցութիւններով», ըսած է Ալասանիա:
Ըստ անոր, Վրաստան երբեք պիտի չհաշտուի իր տարածքային ամբողջականութեան խախտման հետ, իսկ գլխաւոր ուղղութիւնը միշտ Եւրատլանտեան կառոյցներուն համարկումը պիտի ըլլայ:
Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ իրենք մտադիր չեն Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու համար բանակը օգտագործելու:
Նշենք, որ 2008-ի պատերազմէն ետք Ռուսիոյ եւ Վրաստանի ներկայացուցիչներուն միջեւ առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր եւ վաղը` Ժընեւի մէջ: