Ըստ Ռուսիոյ Քննչական Կոմիտէին Ռուսական Ընդդիմութիւնը Վրաստանէն Կը Ֆինանսաւորուի
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ քննչական կոմիտէի պաշտօնական ներկայացուցիչ Վլատիմիր Մարքին յայտարարած է, թէ գոյութիւն ունին փաստեր, որոնք կը վկայեն, թէ Ռուսիոյ ընդդիմութիւնը կը ֆինանսաւորուի վրացի քաղաքական գործիչ Կիվի Թարկամածէի կողմէ:
«Նախաքննութեան ընթացքին հաւաքուած են նիւթեր, որոնք կ՛ապացուցեն, որ Կիվի Թարկամածէ ֆինանսաւորած է Ուտալցովի, Ռազվոզժայեւի, Լեպետեւի անօրինական գործողութիւնները` Ռուսիոյ մէջ զանգուածային անկարգութիւններ սկսելու վերաբերեալ: Մասնաւորաբար 2012-ի գարնան Ռուսիոյ խումբ մը քաղաքացիներ մեկնած են Լիթուանիոյ Հանրապետութիւն` մասնակցելու համար սեմինարի մը, որ նուիրուած եղած է իշխանութեան բռնագրաւման, այլ երկիրներու մէջ տեղի ունեցած «գունաւոր յեղափոխութիւններու» օրինակով», ըսած է Մարքին:
Յիշեցնենք, որ «Էյչ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը 4 հոկտեմբերին պատկերասփռած էր «Բողոքի կազմաբանութիւն-2» ժապաւէնը, որ մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր: Ատոր հեղինակները կը պնդեն, որ ընդդիմութիւնը մտադիր է բռնի ուժով գրաւել իշխանութիւնը` «օտարերկրեայ դրամներով»:
Քննչական մարմինները դատական հայց յարուցած են զանգուածային անկարգութիւններ նախապատրաստելու վերաբերեալ:

