Փարիզ Մտադիր Է Լը Փենը Զրկել Երեսփոխանական Անձեռնմխելիութենէն` Իսլամներու Հասցէին Ըսածներուն Համար

Մարին Լը Փեն

«Վրեմիա»` յղում կատարելով ԱՖՓ-ի, կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն կրնայ իր երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէն զրկուիլ` իսլամական հանրութեան հասցէին ըսածներուն պատճառով:

«Ես կրնամ հաստատել, որ արդարադատութեան նախարարութիւնը 26 նոյեմբերին դիմում ուղարկած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցին` Մարին լը Փենը երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկելու վերաբերեալ», յայտարարած է Ֆրանսայի արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Փիեռ Ռանսեն:

Դեկտեմբեր 2010-ին Լիոնի մէջ իր համակիրներուն հետ հանդիպումի ընթացքին Լը Փեն փողոցներուն մէջ աղօթող իսլամներու թիւի աճը համեմատած էր համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն Հիթլերի կողմէ Ֆրանսայի գրաւման հետ:

Ֆրանսայի ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավարը Եւրոպական խորհրդարանի անդամ ընտրուած էր 2004-ին, իսկ 2009-ին վերընտրուած էր:

Share this Article
CATEGORIES