Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտ Դամասկոսի Ժարամանա արուարձանի մուտքին երկու ինքնաշարժներու մէջ տեղադրուած ականներ պայթեցան, մէկ զոհ եւ չորս վիրաւորներ կան: Իսկ աւելի ուշ, մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ Արդարադատութեան պալատի շէնքի կառատան մէջ երկու պայթուցիկ սարքերու պայթումը պատճառեց նիւթական վնասներ: Ապահովական ուժերը փութացին մայրաքաղաքի կարգ մը ճամբաներու փակման:

Իսկ երեկոյեան Քաֆար Սուսէ շրջանին մէջ ներքին գործոց նախարարութեան արտաքին մուտքին արձանագրուեցաւ ականուած ինքնաշարժի պայթում` պատճառելով նիւթական վնասներ. կան զոհեր եւ տասնեակ մը վիրաւորներ:

Նշենք, որ մինչ կը շարունակուին բախումները արեւելեան արուարձաններուն մէջ, մերթ ընդ մերթ կը լսուին թնդանօթներու եւ պատերազմական օդանաւերու հարուածներու ձայներ:

Share this Article
CATEGORIES