«Պէյրութը Կ՛երգէ» Հոգեւոր Երաժշտութեան 5-րդ Փառատօնը Կը Շարունակուի «Արմիս» Երգչախումբի Ս. Ծնունդի Տօնին Նուիրուած Որակաւոր Համերգը
«Պէյրութը կ՛երգէ» հոգեւոր երաժշտութեան 5-րդ փառատօնի համերգներու շրջագիծին մէջ, հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ հայ աւետարանական «Արմիս» երգչախումբի Ս. Ծնունդի համերգը:
Համերգին բացման խօսքը արտասանեց «Արմիս» մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Հրայր Ճեպեճեան, որ մաղթեց, որ 2013 տարին ըլլայ խաղաղութեամբ եւ յաջողութեամբ լի տարի մը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:
Ապա ելոյթ ունեցաւ «Արմիս» երգչախումբը, որուն խմբավարն է Կարօ Աւեսեան, իսկ դաշնակահարը` Լորի Այնթապլեան: Խումբը երգեց Կոմիտասի «Քրիստոս ի մէջ»-ը, Մովսէս Խորենացիի «Ուրախացի՛ր սրբուհի»-ն, Քաչինիի «Աւէ Մարիա»-ն եւ Ս. Ծնունդի տօնին նուիրուած շարք մը ստեղծագործութիւններ: 27 անդամներէ բաղկացած «Արմիս»-ը համերգի աւարտին երգեց Ս. Ծնունդի դասական երգերու երգաշար մը, որ արժանացաւ ներկաներու ծափահարութիւններուն, որոնց իբրեւ արդիւնք երգաշարէն հատուած մը անգամ մը եւս ներկայացուեցաւ:
Յայտնենք, որ համերգին իր մասնակցութիւնը բերաւ «Արմիս» լարային քառեակը, որ նուագեց Կանաչեանի «Օրօր»-ը եւ Հենտըլի «Ալէլուիա»-ն:
«Պէյրութը կ՛երգէ» հոգեւոր երաժշտութեան 5-րդ փառատօնին ընդմէջէն «Արմիս» երգչախումբը հայ թէ օտար հասարակութեան մօտ ստեղծեց տօնական մթնոլորտ եւ մատուցեց բարձրորակ արուեստ:

