Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Ուղեղի Եւ Սրտի Կաթուածը Երիտասարդներուն Մօտ» Նիւթով Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2012-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուղեղի եւ սրտի կաթուածը երիտասարդներուն մօտ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց սրտաբան տոքթ. Ֆիլիփ Պարաղսեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ աստիճանաբար թիւը բարձրացած է այն երիտասարդներուն, որոնք սրտի կամ ուղեղի կաթուածի պատճառով կը մահանան. շատ ցաւալի ու կսկծալի է այս երեւոյթը, որոշ ազդակներ աննախատեսելի են, բայց կանխարգիլման միջոցները հրամայական են, եւ յատկապէս պարբերաբար տարրալուծարանային ու մարմնական քննութիւնները, ինչպէս նաեւ սրտանօթային համակարգին հետ կապուած քննութիւնները անհրաժեշտ են:
Տոքթ. Ֆիլիփ Պարաղսեան դասախօսութեան սկսաւ նկարագրելով սրտանօթային համակարգը եւ անոր տարբեր բաժինները` յատկապէս կեդրոնանալով երակներուն վրայ, որոնք արիւնը կը փոխադրեն մարմինի տարբեր բաժինները:
Դասախօսութիւնը բաժնելով երկու մասի` դասախօսը առաջին բաժինով անդրադարձաւ սրտանօթային կաթուածին:
Սրտանօթային համակարգի, սրտի արեան մատակարարումը կ՛ըլլայ քորոնըրի մազանման երակներուն միջոցով: Տարբեր պատճառներով եւ ստեղծուած պայմաններով, այս մազանման երակները կրնան հիւանդանալ եւ խցուիլ, ասիկա կրնայ պատահիլ աստիճանաբար կամ յանկարծակի: Սրտի քորոնըրի երակներու խցանումը պատճառ կը դառնայ սրտի մկանային տուեալ հատուածի աստիճանական մահուան, ինչպէս նաեւ սրտի կաթուածի:
Տոքթ. Ֆիլիփ Պարաղսեան բացատրեց վերոնշեալ պայմաններուն ազդեցութիւնը եւ անոնց տարբերութիւնը մեծահասակներու եւ երիտասարդներու մօտ: Մեծահասակներու պարագային, յատկապէս 55 տարեկանէն վեր, կ՛աճին օժանդակ սրտի մազանման երակներ, ի տարբերութիւն երիտասարդներուն, ուր օժանդակ երակները չեն աճիր: Այս մազանման օժանդակ երակները կ՛օգնեն, որ արիւնը բաւարար քանակով հասնի սրտի մկաններուն, երբ խցանուած քորոնըրի երակները չեն կրնար մատակարարումը կատարել:
Որո՞նք են այն ազդակները, որոնք պատճառ կը դառնան սրտի երակներու խցանման.
1.- Գիրութիւնը կամ սոնքութիւնը
2.- Արեան գերճնշումը
3.- Արեան ճարպային բաղադրիչները եւ անոնց պատերը
4.- Նիքոթինը – ծխախոտը
5.- Սնունդի որակը
Այս բաժինը եզրակացնելով` տոքթ. Ֆիլիփ Պարաղսեան թելադրեց երիտասարդներուն ըլլալու աւելի զգուշ ու զգօն, երբ օժանդակ սրտի երակները գոյութիւն չունին երիտասարդներու մօտ, ու սրտի կաթուածի կարելիութիւնը բաւական բարձր համեմատութիւն կը կազմէ:
Դասախօսութեան երկրորդ բաժինով, տոքթ. Ֆիլիփ Պարաղսեան խօսեցաւ ուղեղի կաթուածի պատճառներուն եւ հետեւանքներուն մասին: Դասախօսը բացատրեց, որ մարդու մարմնի բոլոր բաժինները իրար կապուած են եւ որեւէ բաժինի անկանոն աշխատանքը կ՛ազդէ նաեւ այլ հատուածներու վրայ:
Իսքեմիքը, աթերոսքլերոզը, արեան երակներու չորացումը երբ կը սկսի մարմնի մէկ հատուածին մէջ, ատիկա աստիճանաբար կը տարածուի տարբեր բաժիններու մէջ եւ կ՛ունենայ իր համապատասխան ժխտական անդրադարձը մարմնի այդ հատուածին ու ընդհանրապէս անհատին վրայ:
Երկու գլխաւոր պատճառներ, որոնք կ՛առաջնորդեն ուղեղի կաթուածին.
ա.- Ուղեղի երակներու չորացումը:
բ.- Ուղեղի ներքին արիւնահոսութիւնը:
Աւարտին տոքթ. Ֆիլիփ Պարաղսեան յաւելեալ բացատրութիւններով եւ լուսաբանութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն ու մտահոգութիւններուն:

