Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մութթահետ Յաղթեց Շանվիլի` 81-73 Արդիւնքով
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Մութթահետ, որ Թրիփոլիի մէջ հիւրընկալեց Շանվիլը, 81-73 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Բաւական հետաքրքրական մրցումէ մը ետք, Սաժես երկրորդ երկարաձգումէն ետք միայն 123-115 արդիւնքով յաղթեց Պիպլոսի` արձանագրելով իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը:
7-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր Ամշիթ երեկոյեան ժամը 20:00-ին կը հիւրընկալէ Պաժժէն:
CATEGORIES Մարզական

