Աթլեթիզմ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Կրեթթա Թասլաքեան Ոսկի Մետալ Մը Ապահովեց Լիբանանի

Կրեթթա Թասլաքեան

Երէկ` չորեքշաբթի, 12 դեկտեմբերին, Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) սկսան Արեւմտեան Ասիոյ Աթլեթիզմի ախոյեանութեան մրցումները:

Ախոյեանութեան առաջին օրը Լիբանան արդէն իսկ տիրացաւ չորս մետալի:

Լիբանանի համար ոսկի մետալ մը ապահովեց Կրեթթա Թասլաքեան, որ աղջկանց 400 մեթր վազքի մրցումներուն արձանագրեց 54″ 13 արդիւնք մը:

Աղջկանց տասը հազար մեթրի մրցումներուն Մարիա Փիա Նաամէ արծաթ մետալի մը տիրացաւ` արձանագրելէ ետք 39′ 47″ արդիւնք մը:

Իսկ պրոնզ մետալներու տիրացան Սարիա Թրապուլսի եւ Քրիսթել Սանեհ` յաջորդաբար 400 մեթր վազքի (1′ 04″) եւ երեք քայլ ոստումի (11,22 մեթր) մրցումներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES