Ճատրակ. Լիբանանի Անհատական 38-րդ Ախոյեանութիւն. Ֆայսալ Խէյրալլայի Եւ Անթուան Քասսիսի Յաջորդական 5-րդ Յաղթանակը

Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին մէջ (Ժընահ) կը շարունակուին Լիբանանի ճատրակի անհատական 38-րդ ախոյեանութեան մրցումները:

5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ֆայսալ Խէյրալլա եւ Անթուան Քասսիս արձանագրած են 5-ական յաղթանակ` առանց պարտութիւն կրելու:

Մրցաշարքը կ՛երկարի մինչեւ յառաջիկայ 19 դեկտեմբեր` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր օր տեղի կ՛ունենայ հանգրուան մը, երեկոյեան ժամը 18:00-էն սկսեալ:

Մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն է Շեհատէ Ապու Նըմրի, իսկ անոր օգնականները` Ալի Ժաուիշ եւ Ռոլան Ախրաս:

Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 ճատրակ խաղացողներ:

 

Share this Article
CATEGORIES