Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Սուրիական Ազգային Համաձայնական Խորհուրդի Ճանաչումը Զարմանք Կը Պատճառէ Ռուսիոյ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը կը ճանչնան իբրեւ սուրիացի ժողովուրդի օրինական ներկայացուցիչ»` նշելով, որ «որոշեցինք սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը ճանչնալ, որովհետեւ տեսանք, որ զայն սուրիացիներու օրինական ներկայացուցիչը նկատելու համար բաւարար թիւով խմբաւորումներ կը ներառէ եւ սուրիացի ժողովուրդը բաւարար չափով կը ներկայացնէ»:

Օպամա նաեւ նշեց, որ «գոյութիւն ունի սուրիական վարչակարգի ընդդիմադիր պզտիկ խմբակ մը, որ կապ ունի Իրաքի մէջ Քայիտայի հետ, եւ զայն ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատեցինք»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով զարմանք յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Ազգային համաձայնական մարմինի ճանաչման համար` նշելով, որ Ուաշինկթըն իր գրաւը սուրիական ընդդիմութեան «զէնքի միջոցով յաղթանակին» վրայ կը դնէ: «Որոշ չափով զարմացանք», ըսաւ ան:

Լաւրով աւելցուց, որ «այդ մէկը կը հակասէ Ժընեւի նախաձեռնութեան մէջ նշուած համաձայնութիւններուն, որոնք կոչ կ՛ուղղեն սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութեան ձեռնարկելու»:

Մինչ այդ, երէկ Մարոքի Մարաքեշ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ բարեկամներու ժողովը, որ իր կարգին Ազգային համաձայնական մարմինը ճանչցաւ իբրեւ սուրիացի ժողովուրդի օրինական միակ ներկայացուցիչ: Ժողովէն առողջական պատճառներով կը բացակայէր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի ժողովի բացման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «սուրիացի ժողովուրդը մեզմէ շատ բան կը սպասէ, եւ մենք պէտք է արագ ու ազդու կերպով շարժինք»:

Քլինթընի բացակայութեան ժողովին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ արտաքին գործոց փոխնախարար Ուիլիըմ Պըրնզ հաղորդեց, որ «սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը հրաւիրեցինք կարելի եղածին չափ շուտ Ուաշինկթըն այցելելու»:

Ան կոչ ուղղեց ձեւաւորելու սուրիական վարչակարգին իսկական այլընտրանք մը, որ ժողովրդավարական ըլլայ եւ ոչ թէ բռնատիրական:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրօ կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ իշխանութեան արագ եւ խաղաղ փոխանցման` նշելով, որ սուրիացի ժողովուրդին մէկ չորրորդը տագնապին պատճառով վնասներ կրեց:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )