Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտած է, որ Թրիփոլիի մէջ անցեալ կիրակի օրուընէ ի վեր որդեգրուած քայլերը նուաճում կը նկատուին: Ան բարձր գնահատեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին տուած որոշումները:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց արաբներուն սպառնացող բոլոր վտանգներուն դիմադրելու նպատակով միջիսլամական գործակցութիւն հաստատելու:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ չորս անձնաւորութիւններ մահուան լուրջ սպառնալիքներ ստացած են: Շարպել ըսաւ, որ լուրջ սպառնալիքներ ստացած անձնաւորութիւններէն մէկն է երեսփոխան Խալետ Տահեր:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններուն կը պատրաստուի առանց նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆի ուժերուն վստահելու: Ան ըսաւ, որ Սքաֆ իր որոշումներուն մէջ ազատ է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ պենզինի թիթեղին սակը արձանագրած է 100 լ. ոսկիի յաւելում:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր ուժերը ստացած են Թալքալախի մէջ սպաննուած լիբանանցիներու դիակներու լուսանկարներ եւ կ՛աշխատին ծանօթանալ անոնց ինքնութեան:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կը մերժէ իր զաւկին` Շարպել Սլէյմանի թեկնածութիւնը առաջադրել յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող երեսփոխաններու պատուիրակութիւն մը այս շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Այն Թինէ` քննարկելու համար ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ յայտնեց, որ Սուրիոյ իշխանութիւններուն կողմէ հրապարակուած բերման գիրերը անարժէք են:

ՇԷՅԽ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք յայտնեց, որ Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ զինեալ բախումները պիտի չաւարտին` նկատի ունենալով անոնց ուղղակի կապը Սուրիոյ բախումներուն հետ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական յարաբերութիւններու պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ որոշած է հրաժարիլ լիբանանցի ըլլալէ եւ այդ պատճառով ալ պէտք է ստանձնէ իր ընտրանքներուն պատասխանատուութիւնը:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Սամիր Ժսըր կոչ ուղղեց Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւնը հաստատելու եւ ապահովական ոչ մէկ խախտում արտօնելու:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )