Զօր. Կրացիանօ Այցելեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Մաս Կազմող Իտալական Ջոկատին Կեդրոնը
Իտալիոյ բանակի հրամանատար զօր. Քլաուտիօ Կրացիանօ երէկ այցելեց հարաւային Լիբանանի Շամաա գիւղը, ուր կը գտնուի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական ջոկատին կեդրոնը:
Զօր. Կրացիանօ հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի հետ, ինչպէս նաեւ տեղեկացաւ իտալական ջոկատին տարած աշխատանքներուն մանրամասնութիւններուն մասին:
Հանդիպումին ընթացքին զօր. Կրացիանօ բարձր գնահատեց իտալական զօրամասին զոհողութիւնները` ի խնդիր հարաւային Լիբանանին եւ հարաւի բնակչութեան:
Զօր. Կրացիանօ իր ուրախութիւնը յայտնեց Լիբանան վերադարձին առիթով` նկատի ունենալով, որ 2007-2010 ինք հարաւային Լիբանանի մէջ ստանձնած է ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարի պաշտօնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

