Ռաատ. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Կատարուին Ընտրական Նոր Օրէնքի Մը Հիման Վրայ»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ երէկ այցելեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել ընտրական նոր օրէնքին հիման վրայ:
Ռաատ շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերուն կռնակ դարձնելու ու նոր թշնամիներ գտնելու աշխատանքը կը նպաստէ սադրանքներու հրահրումին եւ երկրին գերագոյն շահերուն հարուածումին:
Պատասխանելով սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ երեսփոխան Օքապ Սաքըրի դէմ արձակուած բերման գիրերուն մասին հարցումի մը` Ռաատ յայտնեց, որ ատիկա սուրիական ներքին հարց մըն է, որուն միջամուխ չեն փափաքիր ըլլալ:
CATEGORIES Լիբանանեան