«Լիբանանի Դիմագրաւած Բոլոր Մարտահրաւէրներուն Անմիջական Լուծում Պէտք Է Ապահովել» Շեշտեց Պըրրի

Չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ անհրաժեշտ է աշխուժացնել երկրին պետական հաստատութիւններուն, յատկապէս խորհրդարանին աշխատանքները:

Պըրրի նկատել տուաւ նաեւ, որ ինք այս հարցով խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն դէմ ծառացող բոլոր մարտահրաւէրներուն պէտք է անմիջական լուծումներ ապահովել:

Միւս կողմէ, տարբեր լրատուամիջոցներու հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին Պըրրի շեշտած էր, որ անհրաժեշտ է անպայման ընտրական նոր օրէնք մը մշակել` աւելցնելով, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերուն յաւելումը ի վերջոյ պիտի վաւերացուի:

 

Share this Article
CATEGORIES