Սապունճեան Կոչ Ուղղեց Երեսփոխաններուն Վերադառնալու Խորհրդարան
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ Ատնան Քասսարի անուան տնտեսական կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն վերադառնալու խորհրդարան եւ աշխատելու ի խնդիր լիբանանցի քաղաքացիներուն ծառայութեան:
Ան նշեց, որ անցեալ մարտին ճարտարարուեստի նախարարութեան կողմէ մշակուած է օրինագիծ մը, որ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն համար շահաբեր է եւ երկրին արտածուող արդիւնաբերութեան շահերը կը բարձրացնէ, սակայն անիկա կը կարօտի խորհրդարանին վաւերացումին:
«Նշեալ օրինագիծի խորհրդարանին վաւերացումը ստանալու պարագային բոլոր լիբանանցիները շահաւոր դուրս պիտի գան եւ ոչ թէ քաղաքական այս կամ այն կողմը», ըսաւ Սապունճեան:
Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ կարեւորը այն է, որ ամբողջ աշխարհը իմանայ, թէ Լիբանան տնտեսութիւն ունի եւ արդիւնաբերութիւն, որ կ՛արտածուի եւ որ միայն սահմանափակուած չէ սննդեղէնով ու հագուստեղէնով:

