Սուրիական Բերման Գիրեր Հարիրիի, Սաքըրի Եւ Մըքտատի Դէմ

Մանսուր եւ Սուրիոյ դեսպանը

Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւններն ու Սուրիոյ զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ ինք Մանսուրի հետ քննարկած է նաեւ Սուրիոյ դատական իշխանութիւններուն կողմէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, երեսփոխան Օքապ Սաքըրի եւ Լուայ Մըքտատի դէմ արձակուած բերման գիրերը:

Սուրիոյ դեսպանը շեշտեց, որ ի վերջոյ, դատական իշխանութիւններն են, որոնք այդ հարցին մասին իրենց վճիռը պիտի տան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ է իր կարծիքը լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն կողմէ Ալի Մեմլուքն ու Պուսայնա Շաապանը հարցաքննութեան կանչելու առումով, դեսպան Ալի նկատել տուաւ, որ նախկին նախարար Միշել Սմահայի հարցով հարցաքննութեան պէտք է կանչուի Միլետ Քֆուրին:

Ալի խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ դէմ մղուող անողոք պայքարը, ինչպէս նաեւ լիբանանցի քաղաքական որոշ ուժերու կողմէ այդ արշաւին մասնակցութեան բացայայտումը: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է երկկողմանի համաձայնագիրները յարգել:

Ալի նշեց, որ ինք Մանսուրի փոխանցած է, թէ Սուրիա նման բերման գիրեր արձակած է անոնց դէմ, որոնք մեղսակցած են տագնապին, հրահրած զայն եւ ֆինանսաւորած սուրիացի ժողովուրդին արիւնահեղութիւնը:

Ալի ակնարկեց նաեւ Թալքալախի մէջ գտնուած դիակներուն, որոնց մասին ան յայտնեց, թէ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի ճանչնալու այդ դիակներուն տէրերը, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել դիակները անոնց ընտանիքներուն յանձնելու գործողութիւնը:

Դամասկոսի աւագ քննիչ դատախազ Մոհամետ Մարուան Լուժի հաստատեց, որ Սուրիոյ դատական իշխանութիւնները Սաատ Հարիրիի, Օքապ Սաքըրի եւ Լուայ Մըքտատի դէմ բերման գիրեր հրապարակած են, որովհետեւ անոնք ահաբեկչութիւններ եւ քրէական յանցանքներ գործած են:

Լուժի ըսաւ, որ լիբանանեան իշխանութիւնները պէտք էր անմիջապէս վերջ տային երեսփոխաններուն անձեռնմխելիութեան եւ երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնագիրներուն գոյութեան իբրեւ արդիւնք զանոնք յանձնէին սուրիական դատական իշխանութիւններուն:

Արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները տակաւին պաշտօնապէս չեն ստանձնած Հարիրիի, Սաքըրի եւ Մըքտատի դէմ արձակուած բերման գիրերը:

Ան նշեց, որ այդ գիրերը պաշտօնապէս ընդհանուր դատախազին յանձնուելէ ետք ան կ՛ուսումնասիրէ զանոնք ըստ լիբանանեան օրէնքին, 1951-ին ստորագրուած լիբանանեան-սուրիական դատական գործակցութեան համաձայնագիրին, ինչպէս նաեւ արաբ ներքին գործոց նախարարներու խորհուրդին օրէնքներուն հիման վրայ:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պատասխանելով իր դէմ արձակուած բերման գիրին մասին հարցումի մը յայտնեց, որ հեգնական է, որ սատանան դառնայ արդարութիւն բանեցնող անձնաւորութիւն մը, «իսկ Պաշշար Ասատ հրէշ մըն է եւ իր բարոյական, մարդկային ու քաղաքական բոլոր արժանիքները կորսնցուցած է, ու պահանջուած է սուրիացի ժողովուրդին արդարութեան պալատին կողմէ` հաշուետուութիւն տալու», ըսաւ ան:

Հարիրի աւելցուց նաեւ, որ Ասատ պէտք է նաեւ հաշուետուութեան ներկայանայ Լիբանանի մէջ իր գործած սպանութիւններուն համար:

«Բերման գիրերը փոխադարձաբար ուղղուած են Պաշշար Ասատին, որուն կը սպասեն ճաղերը` Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Պաղեստինի մէջ անոր գործած սպանդներուն եւ արիւնահեղութեան համար», ըսաւ Հարիրի:

Միւս կողմէ, Լիբանանի Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղայտա նախկին նախարար Միշել Սմահայի թղթածրարին հարցով Ալի Մեմլուքը եւ հազարապետ Ատնանը հարցաքննութեան կանչած է յառաջիկայ 14 յունուարին, սակայն ան նախընտրած է չաճապարել Սուրիոյ նախագահի քաղաքական հարցերու խորհրդական Պուսայնա Շաապանը հարցաքննելու առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES