Ապահովական Բնոյթի Նիստ` Նախագահութեամբ Վարչապետ Միքաթիի
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ապահովական բնոյթի նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական որոշ անձնաւորութիւններու դէմ ուղղուած մահուան սպառնալիքներու վերաբերող թղթածրարը:
Նիստին ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար գնդապետ-զօրավար Ռոժէ Սալեմ:
Նիստէն ետք Շարպել յայտնեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւններուն պաշտպանութիւնը մարդկային եւ գումակային կարողութիւններ կ՛ենթադրէ, եւ ներկայիս Լիբանան այդ կարողութիւնները չունի` աւելցնելով, որ այդ քննարկումները պիտի շարունակուին ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի Լիբանան վերադառնալէն ետք:
Շարպել յայտնեց, որ նիստին ընթացքին որոշուեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերուն պարտականութիւն տալ լիբանանեան քաղաքական բոլոր անձնաւորութիւններուն պաշտպանութիւնը ապահովելու:
Շարպել ընդգծեց, որ ոեւէ քաղաքական անձնաւորութեան համար միայն 60 առ հարիւր պաշտպանութիւն կարելի է ապահովել եւ ոչ թէ հարիւր առ հարիւր:
Ան կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն գաղտնապահութեամբ վարուելու եւ իրենց տեղափոխութիւնները թեթեւցնելու: