ՂԱՐԱԲԱՂՆ ՈՒ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՐՑԸ ՆԿԱՏԵԼԷ ԵՏՔ. «ՄԻՆՉԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ՉԼՈՒԾՈՒԻ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԸ ԱՆԿԱՐԵԼԻ Է» ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախագահ, վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անգամ մը եւս յայտարարած է, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, Հայաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն կարգաւորումը անկարելի է:
Իգտիրի բնակչութեան հետ հանդիպումի մը ընթացքին Էրտողան նշած է, որ դէպի Նախիջեւան ճանապարհաշինութիւնը աւարտած է, նոր ճանապարհները շահագործման պիտի յանձնուին մօտ ատենէն, ապա Թուրքիոյ վարչապետը յայտարարած է. «Ղարաբաղը մեր հարցն է, Նախիջեւանը մեր հարցն է»:
«Ազրպէյճանի տխրութիւնը մեր տխրութիւնն է, ուրախութիւնը` մեր ուրախութիւնը: Այստեղ` Իգտիրի մէջ դարձեալ կը յայտարարեմ, որ մինչեւ ղարաբաղեան հարցը չլուծուի, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը անկարելի է: Մենք միշտ Ազրպէյճանի, Ղարաբաղի կողքին եղած ենք, այդպէս պիտի ըլլայ միշտ: Ոեւէ մէկը թող մեզմէ այլ բան չսպասէ», ընդգծած է Էրտողան:
Նշենք, որ Իգտիր քաղաքի բնակիչներուն մեծ մասը ազրպէյճանցիներ են: