ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ
Զուիցերիոյ նախագահ Միշլին Քալմի-Ռէյի հրաւէրով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ ուղղուեցաւ Ժընեւ:
Այցելութեան ծիրին մէջ ան այցելեց Գիրքի եւ մամլոյ 25-րդ միջազգային ցուցահանդէս-տօնավաճառ` որակելով զայն հայատառ գրատպութեան 500-ամեակի եւ 2012 թուականին Երեւանի համաշխարհային գիրքի մայրաքաղաքի պատուաւոր կոչման նախորդող շատ կարեւոր իրադարձութիւն:
Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստանը ցուցահանդէսի յոբելենական 25-րդ տարուան ընթացքին Ժընեւի մէջ ներկայացուած է իբրեւ պատուաւոր հիւր: «Մեր մօտ գիրքի նկատմամբ ակնածանքը խոր եւ դարերու պատմութիւն ունեցող արմատներ ունի եւ կու գայ այն ժամանակներէն, երբ նորաստեղծ հայոց այբուբենով կատարուեցաւ առաջին հայերէն գիրքի` Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը: Գրեթէ միաժամանակ ստեղծուեցան հայ գրականութեան գլուխ գործոցները, որոնք բազմաթիւ առումներով կատարեալ դասագիրքեր կը նկատուին նաեւ այսօր: Ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ընթացքը, հետագայ մեր բոլոր թռիչքներու ելման կէտը 5-րդ դարու սխրանքն էր, որ իրականացաւ մեր մեծ երախտաւորներուն շնորհիւ», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:
Յաջորդ տարին պիտի նշուի հայատառ գրատպութեան 5-րդ հարիւրամեակը: Նախագահ Սարգսեան գրատպութեան գիւտի յեղափոխութիւնը նմանցուց այսօրուան համակարգչային յեղափոխութեան:
«Իւրաքանչիւր ժամանակ կը բերէ իր պահանջները, բայց հայերուն համար գիրքի մշակոյթի չափանիշը բոլոր ժամանակներուն եղած է եւ կը մնայ Եւրոպան. եւ խորհրդանշական է ու օրինաչափ, որ մենք այսօր հոս կը գտնուինք», աւելցուց հանրապետութեան նախագահը:
2012 թուականին Երեւանը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ հռչակուած է Համաշխարհային գիրքի մայրաքաղաք, նախատեսուած են բազմաթիւ ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, համերգներ: «Չկարդացող Հայաստան պարզապէս չի կրնար ըլլալ: Մենք նաեւ պիտի օգտագործենք այս առիթը` կարգի բերելու մեր գրադարանները, նորոգելու եւ բանալու նոր գրախանութներ, գիրքի կեդրոններ: Արդէն գրեթէ աւարտած են Մատենադարան թանգարան-հիմնարկի նոր շէնքի շինարարական աշխատանքները: Եւ այդ նոր շէնքի չափերը, ծաւալը երեք անգամ աւելի են, քան այսօր գործող ձեզի ծանօթ Մատենադարանի չափերը: Շուտով մենք պիտի սկսինք Մատենադարանի գործող հին շէնքի վերանորոգման աշխատանքներուն, որպէսզի արդէն աշնան ունենանք ինչպէս գիրքի պահպանման, ուսումնասիրման, ծանօթացման ժամանակակից կեդրոն, այնպէս ալ մեծ ցուցասրահներ` նախկին շէնքին մէջ: Ամբողջովին պիտի վերանորոգուի մեր հանրային գրադարանի գլխաւոր մասնաշէնքը եւ Խնկօ-Ապոր անուան մանկական գրադարանի շէնքը: Պիտի վերանորոգուին նաեւ տասը մարզային գրադարաններ: Գրական միջազգային ծրագիրներ շրջանակներուն մէջ աշխարհի տարբեր երկիրներէն Երեւան պիտի ժամանեն գրողներ, որոնք միասնաբար պիտի քննարկեն իրենց նոր ու նորարար գաղափարները, ժամանակակից գրականութեան խնդիրները եւ անոնց լուծման առնչուող նիւթեր: 2012 թուականը պատեհ առիթ է մեր գրական ժառանգութիւնները աշխարհին ներկայացնելու համար: Հայ միտքն ու հոգին ստեղծած են գործեր, որոնք արժանի են միջազգային ուշադրութեան եւ ճանաչման», ըսաւ նախագահ Սարգսեան: