Արտակարգ Իրավիճակներու Արձագանգման Հարցերով Բարձր Մակարդակի Հանդիպում` ՄԱԿ-ի Մէջ
Նախանցեալ օր Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի Արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման կեդրոնական հիմնադրամի բարձր մակարդակի հանդիպումը, որուն մասնակցեցան եւ ելոյթներով հանդէս եկան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը, Մարդասիրական օգնութեան հարցերով անոր տեղակալը, ինչպէս նաեւ շարք մը անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներ:
ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայաստան յանձնառու է շարունակելու ՄԱԿ-ի մարդասիրական համակարգին իր համեստ օժանդակութիւնը, քանի որ, անցնելով 1988 թուականի աղէտի արհաւիրքին ընդմէջէն, յստակօրէն կը պատկերացնէ ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ յայտնուած ազգաբնակչութեան տառապանքներն ու կարիքները: Դեսպան Նազարեան վստահեցուց, որ նախորդ տարիներուն օրինակով, 2013 թուականին եւս Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի աջակցի հիմնադրամին, ինչպէս նաեւ դրուատանքի խօսքեր յղեց ՄԱԿ-ի Մարդասիրական հարցերու համակարգման գրասենեակի ղեկավար, ընդհանուր քարտուղարի տեղակալին` արտակարգ իրավիճակներուն մէջ արագ եւ կանխարգելիչ արձագանգման խթանման եւ կորուստներու նուազեցման ուղղուած հիմնադրամի տնտեսական միջոցները արդիւնաւէտօրէն կառավարելու համար:


