Լեհաստանի, Շուէտի Եւ Պուլկարիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Պիտի Այցելեն Հայաստան
13-14 դեկտեմբերին Հայաստան պիտի այցելեն Լեհաստանի, Շուէտի եւ Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ռատոսլաւ Սիքորսքի, Քարլ Պիլտթ եւ Նիքոլայ Մլատենով:
Այցելութեան ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան պիտի ընդունին նախարարները: Անոնք հանդիպում պիտի ունենան նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Տեղի պիտի ունենան Հայաստանի, Լեհաստանի, Շուէտի եւ Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւնները եւ միացեալ մամլոյ ասուլիսը:
Այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ընթացիկ վիճակը, Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ համագործակցութեան խթանման հեռանկարները եւ պիտի ուրուագծուին յառաջիկայ աշխատանքները` 2013 թուականին Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին ընդառաջ:

