Վարդանեան. «Մեղքը Իրենց Մէջ Թող Փնտռեն»
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանի համար Գագիկ Ծառուկեանի` նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը չառաջադրելու որոշումը անակնկալ չեղաւ` հաշուի առնելով վերջին օրերու զարգացումները:
«Երկիր»-ի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով այն դիտարկումին, որ Ծառուկեանի այսպիսի որոշումէն ետք կարելի՞ է փաստել, որ միասնական դաշտ պիտի չստեղծուի, Վարդանեան յայտնեց, որ միասնական դաշտի ձեւաւորումը, առնուազն այն մասով, որ նախաձեռնած է ՀՅԴ-ն իր քաղաքական օրակարգով, ոեւէ անձով, որոնց շարքին` Գագիկ Ծառուկեանով պայմանաւորուած չէր: «Բայց յստակ է նաեւ, որ երբ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը դուրս կու գայ խաղէն, բնականաբար նոր տեղաշարժեր եւ զարգացումներ հաւանական են», ընդգծեց ան:
Ինչ կը վերաբերի անոր, որ արդէն իսկ ոմանք սկսած են միասնական բեւեռի ստեղծման ձախողութեան հարցով բոլորը մեղադրել, բացի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն, Վարդանեան ընդգծեց, որ ինք լուրջ չի վերաբերիր այսպիսի հրապարակումներուն: Վարդանեան նշեց, որ կան որոշ կայքեր, վերլուծաբաններ, որոնք կը փորձէին իրենց միամիտ եւ կիսատ պատկերացումներով գծել քաղաքական դաշտը: «Թէ՛ այդ վերլուծաբաններուն, թէ՛ կայքերուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական գործիչներուն խորհուրդ կու տայի, որ ամէն մէկը մեղքը իր մէջ փնտռէ: Հիմնազուրկ է փորձել մեղադրել ՀՅԴ-ն այս ամէնուն մէջ, նախ թող փորձեն խնդիրը իրենք իրենց մէջ գտնել»:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը չբացառեց, որ ՀՅԴ-ն նախագահական ընտրութեան կրնայ սեփական թեկնածուով հանդէս գալ:


