Թենիս. Նովաք Տիոքովիչ Եւ Սերենա Ուիլիըմզ Ճանչցուեցան Իբրեւ 2012-ի Լաւագոյն Մարզիկները

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ 25 տարեկան Նովաք Տիոքովիչ (Սերպիա) եւ 31 տարեկան Սերենա Ուիլիըմզ (Միացեալ Նահանգներ) ճանչցուեցան իբրեւ 2012-ի լաւագոյն մարզիկները:

Տիոքովիչ, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ընդհանուր դասաւորման մէջ մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ, այս տարի տիրացաւ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի եւ հինգ այլ տիտղոսներու:

Ինչ կը վերաբերի Սերենայի, ան տիրացաւ Ուիմպըլտընի եւ Եու. Էս. Օփընի կրան շլեմի տիտղոսներուն, ինչպէս նաեւ 2012-ի ողիմպիական անհատական եւ զոյգի տիտղոսներուն:

Ամերիկացիներ Պոպ եւ Մայք Պրայըն եղբայրները տասը տարուան մէջ 9-րդ անգամ ըլլալով տիրացան աշխարհի զոյգի տիտղոսին:

 

Share this Article
CATEGORIES