Դաւիթ Մանոյեան Ենթարկուեցաւ Յաջող Վիրաբուժութեան
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 9 դեկտեմբերին Գերմանիոյ մէջ ծունկի յաջող վիրաբուժութեան ենթարկուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Փիւնիկի միջնապահ Դաւիթ Մանոյեան:
Փիւնիկի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ գտնելու համար անցեալի իր կազմուածքը, Մանոյեան կարիքը ունի երեքէն չորս ամսուան հանգիստի:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը Փիւնիկի հետ սկսած Մանոյեան թէեւ շատ յաճախ Հայաստանի հաւաքական կը հրաւիրուէր, սակայն որովհետեւ կը վիրաւորուէր, առիթ չէր ունենար կրելու Հայաստանի խումբին շապիկը:
CATEGORIES Մարզական