Հենրիխ Մխիթարեան Ընտրուեցաւ Ուքրանիոյ Լաւագոյն Ֆութպոլիստը
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Շախտիոր Տոնեցքի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ընտրուեցաւ Ուքրանիոյ աշնանային շրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Ուքրանական մամուլը կը յայտնէ, որ ամփոփելով երկրին «Փրեմիեր Լիկա»-ի աշնանային շրջանը, բոլորը ընտրած են Մխիթարեանը, որ ապահովելով 60 կէտ, առանձինը հանդիսացած է առաջին: Երկրորդ հանդիսացած է Պրաուն Իտեյէ (Տինամօ Քիեւ), իսկ երրորդ` Վիլիան (Շախտիոր Տոնեցք):
Նշենք, որ այս տարեշրջանին Մխիթարեան ցարդ նշանակած է 18 կոլ` Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն:
CATEGORIES Մարզական

