Էն. Պի. Էյ. Քլիփըրզ Յաղթեց, Լէյքըրզ` Պարտուեցաւ

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցած երէկուան ճակատումներուն, Լոս Անճելըս քաղաքի կազմերէն Քլիփըրզ յաղթեց, մինչ երկրորդը` Լէյքըրզ պարտուեցաւ:

Քլիփըրզ 94-89 արդիւնքով յաղթեց Շիքակօ Պուլզի, իսկ Քլիվլենտ Քաւալիրզ` Լէյքըրզի (100-94):

Հակառակ անոր որ Լէյքըրզի մարզիկներէն Քոպի Պրայընթ նշանակեց 42 կէտ, սակայն անոր կազմը կրեց տարեշրջանի իր 13-րդ պարտութիւնը:

Նշենք, որ այսպիսով Քլիփըրզ արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Նիւ Եորք Նիքս – Պրուքլին Նեթց 100-97
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 100-94
Տենվըր Նակեթց – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 101-94
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Նիւ Օրլինզ 77-70
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Շիքակօ Պուլզ 94-89

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Պրուքլին Նեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Աթլանթա Հոքս – Օրլանտօ Մեճիք
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Շիքակօ Պուլզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մայեմի Հիթ
Տալաս Մավըրիքս – Պոսթըն Սելթիքս
Սաքրամենթօ Քինկզ – Միլուոքի Պաքս
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Նիւ Օրլինզ – Օքլահոմա Սիթի
Տենվըր Նակեթց – Մինեսոթա Վուլվզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ֆէոնիքս Սանզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Եութա Ճեզ

 

 

Share this Article
CATEGORIES