ՈՒՍԱՄԱ ՊԸՆ ԼԱՏԵՆԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐԸ
«Պըն Լատենի դերակատարութիւնը երկրորդական եղած էր վերջերս, եւ անոր սպանութիւնը չի դադրեցներ Քայիտայի գործունէութիւնը», յայտարարեց նախկին նախարար Ուիամ Ուահհապ:
Իր կարգին, Ազգային պայքարի ճակատի նախագահ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ խիստ կարեւոր նկատեց Պըն Լատենի սպանութեան քայլը` կոչ ուղղելով Միացեալ Նահանգներուն վերատեսութեան ենթարկելու իրենց միջինարեւելեան քաղաքականութիւնը:
Զօր. Մուսթաֆա Համտան քննադատեց ամերիկեան ուժերուն կողմէ Պըն Լատենի սպանութիւնը` կոչ ուղղելով արաբական պետութեանց միանալու եւ համախոհութեամբ գործելու ճակատագրական այս պայմաններուն մէջ:
CATEGORIES Լիբանանեան