ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի խմբագրական կազմի քաղաքական խորհրդական Մլհեմ Ռիաշիի համաձայն, թերթը իր այսօրուան թիւով պիտի հրատարակէ «Ուիքիլիքս»ի քողազերծումներէն խիստ կարեւոր տեղեկութիւններ` նշելով, որ չկարդացողը շատ բան պիտի կորսնցնէ տեղեկութեանց իմաստով:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Զահլէի Ժողովրդային պլոք հոսանքի նախագահ Էլի Սքաֆի մօտիկ աղբիւրներ կը փորձեն զինք համոզել բացուելու Մուսթաքպալ հոսանքին, «որովհետեւ այդպիսով կարելի է համակիրներու մեծ թիւ ունենալ Պեքաայի մէջ, որպէսզի ունենայ իր ընտրական գործօն վարկը»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES