Լիբանանեան Բանակին Միակ Հեղինակութիւնը Իր Հրամանատարութիւնն Է

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ լիբանանեան կարգ մը օրաթերթերու կողմէ կատարուած այն վերագրումներուն, թէ բանակին մասին որոշ պատասխանատուներ կամ հեղինակութիւններ յայտարարութիւններ կատարած են:

Հաղորդագրութիւնը դիտել տուաւ, որ այդ յայտարարութիւնները վերագրուած են նաեւ Թրիփոլիի եւ բանակին ու քաղաքական ղեկավարութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններուն:

Բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ բանակին միակ հեղինակութիւնը իր հրամանատարութիւնն է եւ բանակին անունով միայն անոր հրամանատարութիւնը կրնայ յայտարարութիւններ կատարել, հետեւաբար բարձրաստիճան զինուորականի մը կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն:

Բանակի հրամանատարութիւնը լրատուամիջոցներէն եւ օրաթերթերէն խնդրեց բանակին մասին ոչ մէկ տեսակէտ կամ տեղեկութիւն հրապարակել, յատկապէս այս հանգրուանին, երբ Լիբանան զգայուն պայմաններու մէջ կը գտնուի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )