Մանճեան – Էխհորեսթ Հանդիպում

Պետական նախարար Փանոս Մանճեան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

Էխհորեսթ Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը յայտնեց լիբանանեան իշխանութիւններուն` ընդգծելով, որ Միութիւնը Լիբանանի սահմանապահ ուժերուն օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ:

Նախարար Մանճեան իր կարգին շեշտեց, որ ինք ճիգ պիտի չխնայէ երկրին սահմաններուն պաշտպանութեան առումով ռազմավարական աջակցութիւն տրամադրելու:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )