«Ազգային Երկխօսութիւնը Մեր Միակ Ընտրանքն Է Եւ Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Շինիչ Ըլլայ» Ըսաւ Վարչապետ Միքաթի
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծման միակ ընտրանքը ազգային երկխօսութիւնն է, որովհետեւ առանց անոր բախումներ պիտի պատահին եւ բախումներէն ետք արձանագրուած յաղթանակները դուրս պիտի գան իբրեւ ժամանակաւոր ու հանգրուանային յաղթանակներ: Ան շեշտեց, որ կարելի չէ լիբանանեան քաղաքական որեւէ կողմ ջնջել, ինչպէս նաեւ կարելի չէ մնայուն կերպով յամառութիւն գործել:
«Ազգային երկխօսութիւնը փոխըմբռնումի միակ միջոցն է, իսկ լիբանանեան ընդդիմութիւնը պէտք է շինիչ ըլլայ եւ իմաստուն քայլեր առնէ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ», ըսաւ Միքաթի:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է անպայման ազգային երկխօսութիւնը փողոցէն սեղան բերել եւ լիբանանցիները փրկել արկածախնդրութենէ եւ արբունքէ:
Վարչապետ Միքաթի այս յայտարարութիւնները կատարեց Լիբանանի տարածքին գտնուող անտառներուն մէջ 40 միլիոն ծառ տնկելու ծրագիրին ամբողջացման առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին, որուն ներկայ գտնուեցան երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, կրթութեան նախարար Հասսան Տիապ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ, զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ եւ այլ պատասխանատուներ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի նախագահեց նաեւ առողջարար սնունդի յատուկ նախարարական սեղմ խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ եւ այլ պատասխանատուներ:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Մելակրոս Էռնանտօ եւ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի:
Երեկոյեան կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ, վարչապետ Միքաթի վերահաստատեց Ազգային երկխօսութեան նիստին կայացման անհրաժեշտութիւնը` համաձայնելու համար ընտրական օրէնքի մը շուրջ, աւելցնելով, որ այդ առաքելութիւնը աւարտելէ ետք իր կառավարութիւնը կը հրաժարի եւ ապա կը կազմուի նոր կառավարութիւն մը, որուն վերահսկողութեամբ կը կատարուին երեսփոխանական ընտրութիւնները, «սակայն այդ կառավարութեան մաս պէտք է կազմեն այնպիսի նախարարներ, որոնք երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածու չեն», շեշտեց Միքաթի:
Վարչապետը ընդգծեց, որ ինք համաձայն է կազմելու նոր կառավարութիւն մը, սակայն երբեք պատրաստ չէ երկիրը անիշխանութեան մատնելու:
Ան ընդգծեց, որ ոեւէ վարչապետ պէտք է յարգէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականը` աւելցնելով, որ ինք յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածու է: