Նախագահ Սլէյման Քիրիլ Պատրիարքէն Ստացաւ Մոսկուա Այցելութեան Հրաւէր Մը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը եւ Ուղղափառ ժողովուրդներու միասնականութեան միջազգային միութեան նախագահ Վալերի Ալեքսիեւը:
Հանդիպումին ընթացքին ռուս պատասխանատուները նախագահ Սլէյմանի յանձնեցին Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքին կողմէ Մոսկուա այցելութեան հրաւէր մը, որպէսզի նախագահ Սլէյմանը պարգեւատրէ Ուղղափառ ժողովուրդներու միասնականութեան միջազգային միութեան մրցանակով:
Ալեքսիեւ յայտնեց, որ այդ մրցանակը կը խորհրդանշէ Քիրիլ պատրիարքին յարգանքը` Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ ազգային երկխօսութեան վերսկսելու առումով նախագահ Սլէյմանի դերակատարութեան նկատմամբ:
Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց իր ստացած հրաւէրին համար եւ մաղթեց, որ միասնականութեան, սիրոյ եւ մտերմութեան ոգին մնայուն կերպով յարատեւէ տարբեր կրօններուն միջեւ եւ աշխարհին մէջ խաղաղութիւն տիրէ:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ալեւի համայնքի խորհուրդի նախագահ շէյխ Ասատ Ասին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ իրականացուող կայունութիւնը, առնուած ապահովական եւ զինուորական քայլերը, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ Թրիփոլիի ապահովական խախտումները կասեցնել:
Հանրապետութեան նախագահին այցելեց նաեւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որ ներկայացուց դատական իշխանութիւններուն աշխատանքը աշխուժացնելու եւ անոնց գործունէութեան անկախութիւնը ապահովելու ծրագիր մը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ եւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտ: