Օսկանեան. «Ես Այլ Կերպ Կը Պատկերացնէի Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան Քայլերն Ու Հետագայ Պայքարը
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Վարդան Օսկանեան երէկ տարածեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան` փետրուարին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու չառաջադրելու եւ ոեւէ թեկնածու չպաշտպանելու որոշումը դիւրին չորդեգրուեցաւ: Քաղաքական խորհուրդին մէջ, բնականաբար, եղան տարբեր կարծիքներ:
Ամիսներ առաջ ես հրապարակային դարձուցած էի իմ կարծիքս, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն պէտք է մասնակցի սեփական թեկնածուով` հաշուի առնելով կուսակցութեան կշիռը, վարկանիշը, այլընտրանք ըլլալու, ինչպէս նաեւ միասնական թեկնածուի շուրջ համաձայնութեան գալու կարելիութիւնները:
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը, հաշուի առնելով ներքաղաքական դաշտին մէջ ստեղծուած կացութիւնը եւ Գագիկ Ծառուկեանի` իր թեկնածութիւնը չառաջադրելու որոշումը, նպատակայարմար գտաւ նախագահական ընտրութիւններուն չմասնակցիլ սեփական թեկնածուով եւ չսատարել որեւէ այլ թեկնածուի: Հակառակ այն բանին, որ ես այլ կերպ կը պատկերացնէի մեր քայլերն ու հետագայ պայքարը, այդուհանդերձ կը յարգեմ ընդունուած որոշումը»:


